Գանատայի Քէպէգ Նահանգի Խորհրդարանը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի բռնարարքները եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին
2621
0
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբերու ջանքերով, Չորեքշաբթի 7 Հոկտեմբեր 2020-ին, Քէպէգ Նահանգի Խորհրդարանը դատապարտեց Ատրպէյճանի զինեալ յարձակումներն ու բանեցուցած բռնութիւնները Արցախի վրայ, իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելով գանատահայ համայնքին եւ ի մասնաւորի հայ ժողովուրդին, կոչ ուղելով ատրպէյճանական իշխանութեան՝ անսալ ԵԱՀԿ-ի Մինսկ խմբակի, Հելսինկեան եզրափակիչ սկսզբունքներու եւ մարդկային իրաւանց դրոյթներուն։