Գանատայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նուիրուած խորհրդաժողով
ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութիւնը, համագործակցութեամբ Գանատայի զանազան հայ ուսանողական միութիւններու հետ, կազմակերպած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նուիրուած խորհրդաժողով մը՝ «Ցեղասպանութենէն պետականութիւն. 900 օրուան հանրապետութիւնը» թեմայով, որ տեղի պիտի ունենայ 2018-ի Մարտին:
Խորհրդաժողովի զեկուցաբերներն են UCLA համալսարանի փրոֆեսոր եւ պատմաբան դոկտոր Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, UCLA համալսարանի փրոֆեսոր, հեղինակ եւ գիտաշխատող դոկտոր Ռուբինա Փիրումեան եւ Ժընեւի Webster համալսարանի փրոֆեսոր եւ լրագրող դոկտոր Վիգէն Չըթըրեան:
Ժամանակացոյց.
Երեքշաբթի, 13 Մարտ, երեկոյեան ժամը 7:00, Մոնթրէալ, MCGill համալսարան
Չորեքշաբթի, 14 Մարտ, երեկոյեան ժամը 7:00, Օթթաուա, Carlton համալսարան
Հինգշաբթի, 15 Մարտ, երեկոյեան ժամը 7:00, Թորոնթօ, University of Toronto
Կազմակերպող Ուսանողական միութիւններն են.
«Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութիւն
Université de Montréal-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն
Concordia-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն
McGill-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն
Carlton University of Ottawa-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն
Council of Ontario-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն
University of Toronto Scarborough Campus-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն
University of Toronto St. George Campus-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն
Ryerson University-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն
York University-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն
McMaster University-ի Հայ Ուսանողներու միութիւն