ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ԲՆԱԿՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ

 

Սիրելի Գանատաբնակ Լիբանանահայ,

Լիբանան կը պատրաստուի խորհրդարանական ընտրութիւններու: Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը

ձեռնարկած է 21 տարեկանը ամբողջացուցած լիբանանցի քուէարկողներու ելեկտրոնային

արձանագրութեան աշխատանքին, այդ ճամբով ապահովելու համար ձեր քուէարկելու իրաւունքը:

ինչպէս ﬕշտ, այս անգամ ալ կատարենք ﬔր ազգային պարտականութիւնը։

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԻ՛ՆՔ, ՈՐ ԸՆՏՐԵՆՔ

Ներկայացէք Հայ Կեդրոն Ուրբաթ, 5 Նոյեմբերին՝ երեկոյեան ժամը 7:30-9:30, Շաբաթ, 6

Նոյեմբերին՝ 3:00-7:00, Կիրակի 7 Նոյեմբերին՝ առաւօտեան ժամը 11:00-3:00, եւ Ուրբաթ, 12

Նոյեմբերին՝ երեկոյեան ժամը 7:30-9:30, ձեզի հետ ունենալով Գանատական եւ Լիբանանեան

Փաստաթուղթերը: Արձանագրութեան ժամկէտ՝ Նոյեմբեր 20:

 

Արտերկրի լիբանանահայերը իրենց բնակած վայրերուն մէջ քուէարկելու համար կրնան արձանագրուիլ՝  https://diasporavote.mfa.gov.lb

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կապուիլ Երեկոյեան ժամը 6:00էն ետք՝

  • Րիթա Թղլեանին՝ 647-963-2908
  • Վիվիան Գըլըպոզեանին՝ 416-876-4403

ԿՈՉ,  ԶՕՐԱԿՑԻ՛ՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՄՐԱԳՐՈՒԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ  ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԵՐ ԿՌՈՒԱՆՆԵՐԸ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.