Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի հետ
778
0
Օգոստոս 19-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ տիրող օրհասական իրավիճակը եւ բնակչութեան կեանքի ապահովութեան ու անվտանգութեան սպառնացող շրջափակման հարցը։ Վերստին շեշտելով Արցախի եւ արցախահայութեան ազգային ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը, Հայ Դատի յանձնախումբը ընդգծեց, որ այդ սկզբունքի կենսագործումը՝ երաշխիքն է արցախահայութեան անվտանգ ու խաղաղ կեանքին եւ Արցախը երբե՛ք չի կրնար ենթակայ ըլլալ Ատրպէյճանի ու դառնալ նոր ցեղասպանութեան մը զոհը։ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացուց քաղաքական ու դիւանագիտական առաջարկներու թղթածրար մը, զորս Օթթաուայի կառավարութիւնը կրնայ ի գործ դնել եւ սատարել Արցախի ճգնաժամի յաղթահարման համար:
Նախարարը զեկուցեց նաեւ Հայաստանի մօտ Գանատայի դեսպանատան մօտալուտ բացման մասին, նշելով, որ իր մասնակցութեամբ պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը պիտի կայանայ յառաջիկայ Սեպտեմբերին։
Comments are closed.