Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Պահպանողական կուսակցութեան նորընտիր ղեկավարը

Հոկտեմբերի 14-ին, Լաւալի մէջ կայացած յատուկ ընդունելութեան մը ընթացքին նշուեցաւ Գանատայի Պահպանողական կուսակցութեան առաջնորդ Փիեռ Փոլիէվրի որպէս ղեկավար առաջին այցելութիւնը Քեպէգ նահանգ։ Ընդունելութեան ներկայ էին կուսակցութեան խորհրդարանի անդամներ, Պահպանողական կուսակցութեան անդամ ծերակուտական Լէօ Հուսաքոսը եւ Պահպանողական կուսակցութեան խորհրդարանական ընտրութիւններու նախկին թեկնածուներ՝ Յակոբ Էվերեկլեանն ու Սփիրոտոնաս Փետտասը։ Ընդունելութեան մասնակից ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանը, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սարօ Տէր Պետրոսեանը եւ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները ողջունեցին եւ շնորհաւորեցին Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի ընտրութեանց Փիեռ Փոլիէվրի արձանգրած յաղթանակը։

Նշենք, որ Օգոստոս 22-ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը, Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը իր զօրակցութիւնը յայտնած էր Գանատայի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածու՝ Փիեռ Փոլիէվրին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.