Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նուիրահաւաքներէն գոյացաւ 280 հազար տոլար

ANCC-parliament

2016-ի Սեպտեմբեր, Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն, Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Գէմպրիճի եւ Վանգուվըրի մէջ կայացան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նուիրահաւաքները, որոնց ընթացքին, յանձնախումբի աշխատաքներու խթանման եւ Օթթաուայի գրասենեակի գործունէութեան համար հանգանակութիւններու համագումարը հասաւ 280 հազար տոլարի։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Գանատայի տարածքին գործող ամենէն ազդեցիկ հայկական քաղաքական կառոյցն է եւ Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող իր յանձնախումբերով կը գործէ աւելի քան վեց տասնամեակներէ ի վեր։ 1958-ի Գանատայի ՀՅԴ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը կ՚որոշէ առաջին անգամ ըլլալով կազմել Հայ Դատի յանձնախումբ մը: 1971-ին, նոյն ժողովը կ՚որոշէ այս յանձնախումբը վերածել զանազան քաղաքներու մէջ գործող ցանցի։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի առաքելութիւնն է պաշտպանել Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքները գանատական քաղաքական բեմին վրայ։

Նկատի ունենալով Հայ Դատի գործունէութեան օրէ օր ընդլայնող ու ճիւղաւորուող բնոյթը, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ ներկայութիւն ըլլալու եւ արհեստավարժ հիմունքով գործելու հրամայականներէն մեկնած, 2006 թուի Ապրիլ 25-ին բացումը կատարուեցաւ Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակին: Այդ օրուընէ սկսեալ, հոնկէ կը տարուի նպատակաուղղուած աշխատանք եւ արդէն իսկ, 10 տարուան իր գործունէութեան ընթացքին գրասենեակը դարձած է տեղեկատուական ու բանակցային-յարաբերական հանրաճանաչ ու ազդեցիկ կեդրոն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.