Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան նախարար Փապլօ Ռոտրիկէզի հետ
Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2019-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցան Գանատայի Ժառանգութեան նախարար Փապլօ Ռոտրիկէզի հետ: Մէկ ժամուան տեւողութեամբ հանդիպումին քննարկուեցան Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին յառաջիկայի ծրագիրները, այլ համայնքներու հետ փոխ յարաբերութիւններու ընթացքը, Հայաստան-Գանատա երկկողմանի յարաբերութիւններնն ու քաղաքական գետնի վրայ յանձնախումբին առաջնահերթութիւնները:
Նախարար Ռոտրիկէզ բարձր գնահատեց Գանատայի հայ համայնքին ներդրումը՝ զանազան ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ նախարարութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց: Երկու կողմերը խոստացան շարունակել համագործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը՝ քննարկուող հարցերն ու գանատահայ համայնքին վերաբերող ծրագիրները հետապնդելու ի խնդիր:
Հայ Դատի Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան եւ Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի անդամ Յարութ Դաւիթեան: