Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանը խորհրդակցութիւն ունեցաւ խորհրդարանի անդամ Մարք Տալթընի հետ

Մարտ 29-ին, Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Pitt Meadows—Maple Ridge ընտրատարածքը ներկայացնող Գանատայի Խորհրդարանի անդամ Մարք  Տալթըն Հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի անդամ Վահէ Անտոնեանի հետ։ Երեսփոխան Տալթըն Հայ Դատի յանձնախումբին պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Գանատայի ընդդիմադիր Պահապանողական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնին համար։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին արծարծուեցան նաեւ գանատահայ համայնքը շահագրգռող հարցեր։ Վահէ Անտոնեան զեկուցեց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց

սահմանախախտումներուն եւ ռազմական ոտնձգութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ այս առնչութեամբ Գանատայի կառավարութեան պաշտօնական լռութեան մասին։

Անդրադառնալով եւ գնահատելով հանդերձ Գանատայի կառավարութեան կողմէ Ուքրանիոյ պատերազմի աղէտեալներուն տրամադրուած մեծածաւալ մարդասիրական օժանդակութիւնը, Վահէ Անտոնեան Հայ Դատի յանձնախումբի խոր հիասթափութիւնն ու դժգոհութիւնը փոխանցեց, յայտնելով, որ Գանատայի պետութեան կողմէ մինչ օրս ոչ մէկ շօշափելի օժանդակութուն տրամադրուած է Արցախի բռնագաղթի ենթարկուած բնակչութեան եւ պատերազմի աղէտեալներուն։

Մարք Տալթըն խոստացաւ վերոնշեալ հարցը արծարծել խորհրդարանի Պահպանողական կուսակցութեան խորհուրդի յառաջիկայ նիստի ընթացքին։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.