Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչը հանդիպեցաւ Գանատայի վարչապետ Թրուտոյի հետ

Շաբաթ, 1 Յունիս 2019-ին, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Յակոբեան, Գանատայի Ազատական կուսակցութեան պատգամաւոր Թէրի Պիչի հրաւէրով մասնակցեցաւ վերջինիս նորաբաց գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած «Բարեկամներու եւ աջակիցներու հաւաք»ին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ:

Հաւաքին ընթացքին Տէր Յակոբեան առիթը ունեցած է առանձնազրյոց մը ունենալու վարչապետին հետ, որուն ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է անոր Հայաստան կատարած այցելութեան եւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման իր ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ան նաեւ անդրադարձած է Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հարցին:

Տէր Յակոբեան նաեւ հրաւիրած է վարչապետը յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին այցելելու Վանգուվըրի Հայ կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի հայ կեդրոնները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.