Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը մասնակցեցաւ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Փիեռ Փոլիէվըրի ընդունելութեան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 16-ին, Գանատայի Պահպանողական Կուսակցութեան (Conservatives party) առաջնորդ եւ Խորհրդարանին ընդդիմութեան ղեկավար Փիեռ Փոլիէվըր ներկայ գտնուեցաւ յատուկ ընդունելութեան մը՝ Վանգուվըրի Փարատոքս պանդոկի մէջ։ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը (ANCC) եւ հայկական համայնքը ներկայացնող Սեւան Յակոբեան մասնակցեցաւ այս յատուկ ընդունելութեան՝ հրաւիրուած վանգուվըրի գործարար եւ համայնքային ղեկավարներու շրջանակին կողմէ։

Հայ Դատի Յանձնախումբի, Lugaro Jewellers-ի եւ հայ համայնքի անունով, Սեւան Յակոբեան ունեցաւ առանձնազրոյց մը պրն. Փոլիէվըրի հետ՝ ներկայացնելով Lugaro ընկերութեան ներգրաւուածութիւնը Գանատայի ադամանդի առեւտուրի ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելով ընդդիմադիր առաջնորդին՝ Գանատայի հայկական համայնքին եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի (ANCC) Հայաստանի ու Արցախին վերաբերող նախաձեռնութիւններուն ուղղուած Պահպանողական Կուսակցութեան երկարամեայ աջակցութեան համար։

Ան նաեւ պրն. Փոլիէվըրին իրազեկեց Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակին մասին՝ կոչ ուղղելով ընդդիմութեան շարունակելու պաշտպանել Արցախի հայութեան իրաւունքները եւ ճնշում գործադրել Գանատայի կառավարութեան վրայ, որպէսզի անդրադառնայ եւ սատարէ Հայ Դատի աշխատանքներուն՝ Պաքուի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու հարցով։

Պարոն Փոլիէվըր իր կարգին գնահատեց եւ ընդգծեց Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հետ սերտ համագործակցութիւնը պահպանողական խորհրդսրսնական պատգամաւորներու հետ, հայութեան վերաբերող հիմնախնդիրներու արդար լուծման ծիրէն ներս։