Գանատայի Հայ Դատի Արեւմտեան Շրջանի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի առողջապահութեան նախարար Ատրիէն Տիքսի հանրահաւաքին 

18 Մայիս 2023ի երեկոյան վանգուվըրի մէջ կայացաւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի առողջապահութեան նախարար Ատրիէն Տիքսի հանրահաւաքը։ Քաղաքական պաշտօնատարներու կողքին ներկայ էին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմւտէի անդամ ընկհ. Թիթար Քօշկերեան, Գանատայի Հայ Դատի արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ, Պրիթիշ Գոլոմպիայի Միացեալ յանձնախումբի անդամներ, ՀՅԴ Գանատայի երտասարդական միութեան Վանգուվըրի Արշաւիր Շիրակեան մասնաճիւղի ընկերներ եւ գաղութի այլ ազգայիններ։

Հաւաքի ընթացքին Գանատայի Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչ  ընկեր ընկեր Վահէ Անտոնեան խօսք առաւ Եւ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ համայնքիի անունով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի վարչապետ Տէվիտ Իպիին, նախարար Ատիար Տիգսին եւ Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի խորհրդարանին, որ Ապրիլ Ամսուան ընթացքին Պրիթիշ  Գոլոմպիայի խորհրդարանի շրջափակին մէջ առիթ ստեղծուեցաւ որ ծածանի Արցախի Հանրապետութեան դրօշը։

Comments are closed.