ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ
Տնօրինութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ համախորհուրդ Թեմիս Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան, կատարուեցան հոգեւոր հովիւներու նոր նշանակումներ:
Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան՝
Հոգեւոր Տեսուչ
Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ, Գէմպրիճ:
Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեան՝
Հոգեւոր Տեսուչ
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ, Վանգուվըր:
Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Շխրտմեան՝
Հոգեւոր Տեսուչ
Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ, Թորոնթօ։
Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեան՝
Հոգեւոր Հովիւ Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ, Գէմպրիճ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ նորանշանակ Հոգեւոր Հայրերը հետեւեալ թուականներուն՝ 10 Նոյեմբեր 2024-ին, Վանգուվըր, 24 Նոյեմբեր 2024-ին, Գէմպրիճ եւ 1 Դեկտեմբեր 2024-ին, Թորոնթօ։
Բարի երթ եւ օրհնաբեր ծառայութիւն կը մաղթենք հոգեւոր հայրերուն։
ԴԻՒԱՆ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Comments are closed.