Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի ձեռամբ քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում
Բարեշնորհ Իվան Սրկ. Գեադայեան կոչուեցաւ Տ. Յակոբ Քահանայ
Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր 2018-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասու փաղանգին միացաւ նուիրեալ նոր զինուոր մը, Թեմիս տարեգրութեանց մէջ արձանագրելով յիշատակելի ու հանգրուանային օր մը: Արդարեւ, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագի ընթացքին քահանայ ձեռնադրեց եւ օծեց Բարեշնորհ Իվան Սրկ. Գեադայեանը, որ վերանուանուեցաւ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ:
Նորընծայ քահանային խարտաւիլակն էր Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Ա. Քհն. Գոյունեան, իսկ կնքահայրը՝ տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեան:
Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, Ազգային վարչութեան, Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամներն ու պատգամաւորները, ինչպէս նաեւ գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու ստուար բազմութիւն մը։
Քահանայական ձեռնադրութեան ու օծման արարողութիւնը տեղի ունեցան Ս. Պատարագի ընթացքին, երբ ընծայեալը, խարտաւիլակ Քահանայ Հօր առաջնորդութեամբ խորան բարձրացաւ, եւ հաստատուելէ ետք թէ ան արժանի է այս կոչումին՝ Առաջնորդ Սրբազանը քահանայութեան հրաւիրեց զինք:
Այնուհետեւ, «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» շարականի երգեցողութեամբ ընծայեալը հրաժարեցաւ աշխարհիկ բոլոր կիրքերէն: Առաջնորդ Սրբազանը իր ձեռքը հանգչեցնելով ընծայեալի գլխուն, աղօթեց ըսելով. «Ես իմ ձեռքս կը դնեմ ասոր վրայ, եւ դուք բոլորդ աղօթեցէք, որպէսզի արժանի ըլլայ քահանայական աստիճանին», որմէ ետք ուրարը ընծայեալի պարանոցին վրայ զետեղեց, իբրեւ նշան Քրիստոսի քաղցր լուծին:
«Ողջոյն»էն առաջ, ընծայեալը ստացաւ քահանայական փիլոնը, սաղաւարտը, գօտին ու շուրջառը, ապա, «Խորհուրդ խորին» շարականի երգեցողութեամբ ան առաջին անգամ ըլլալով պատարագի զգեստով զգեստաւորուեցաւ: Առաջնորդ Սրբազանին շրթներէն հնչեց «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականը, իսկ «Ամէն ալէլուիա, ալէլուիա» շարականէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Միւռոնով օծեց նորընծայ քահանային ճակատն ու երկու ձեռքերը, զայն վերանուանելով Տէր Յակոբ Քահանայ, ապա, զայն հրաւիրեց տալու առաջին օրհնութիւնը։ Ձեռնադրիչ Սրբազանը վերջին աղօթքով, նորօծ Քահանային յանձնեց սկիհն ու մաղզման։
«Ողջոյն տուք միմեանց» շարականի ընթացքին, ձեռնադրիչ Առաջնորդ Սրբազանը եւ հոգեւորականները առաջին ողջոյնը ստացան նորաօծ քահանայէն։
Արարողութեան աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ հակիրճ կերպով բացատրեց արարողութեան ընթացքին բարձրացուած աղօթքներուն իմաստն ու նպատակը, նշելով որ օր մը առաջ կը զուգադիպէր Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն տօնը, որոնք կը կոչուին Հայաստանի առաջին Լուսաւորիչները, որովհետեւ Քրիստոսի լոյս հաւատքը տարածեցին Հայաստանի մէջ, «իսկ քահանաներն ու հոգեւորականները Քրիստոսի առաքեալներու նոյն շառաւիղի նոր օղակներն են, որոնք կոչուած են նոյն առաքելութեան», շեշտեց ան:
Իր խօսքը ուղղելով նորաօծ քահանային, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց զայն, որպէսզի հոգեկան ամրութեամբ Աստուծոյ խօսքերուն ու պատուիրաններուն սերմնացանը դառնայ, իր հաւատքին մէջ մնայ հաստատ ու Աստուծոյ հանդէպ ծառայութիւնը կատարէ սիրով ու հաւատարմութեամբ։
Ս. Պատարագի աւարտին, կնքհահօր աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ նորընծայ Քահանայ Հօր լուացումի արարողութիւնը։
Ս. Պատարագէն ետք, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, ի պատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեանին։