Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 69/26-րդ ժողովը գումարուեցաւ 1-2 Մայիս 2026-ին, Գէմպրիճի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ եւ նախագահութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի։

Ժողովին մասնակցեցան Թեմի հոգեւորական եւ աշխարհական երեսփոխաններ, թեմական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներ՝ ազգային կազմակերպութիւններէ, ներառեալ ՀՅԴ, ՀՕՄ, Համազգային եւ ՀՄԸՄ։ Ժողովի բացումը կատարուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին կողմէ, որ փոխանցեց նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեան գիրը եւ իր ողջոյնի խօսքը։

Ժողովը վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Նորին Սրբութեան, մաղթելով Սուրբ Աթոռոյս անսասանութիւն եւ Վեհափառ Հայրապետին՝ երկար գահակալութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ, բարձր գնահատուեցաւ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի առաջնորդական տասնամեայ ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր եկեղեցական ծառայութեան յոբելեանները։

Ազգային Երեսփոխանական ժողովը գնահատեց Թեմի գործադիր մարմիններու գործունէութիւնը՝ մասնաւորապէս քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան, ուսումնագիտական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ կատարուած աշխատանքները։ Նշուեցաւ նաեւ Թորոնթոյի Tyndale University-ի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ աստուածաբանութեան դասընթացքի յաջող ընթացքը։

Ժողովը մտահոգութիւն յայտնեց Միջին Արեւելքի ներկայ տագնապներուն առնչութեամբ՝ ընդգծելով տեղական հայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ յայտնելով իր զօրակցութիւնը։ Միաժամանակ, խիստ դատապարտուեցաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ տարուող քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ իշխանութեան լռութիւնը՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան կործանման հարցին շուրջ։

Ժողովը վերահաստատեց իր պահանջը՝ հայ քաղաքական բանտարկեալներու անյապաղ ազատ արձակման ուղղութեամբ։

Ժողովի աւարտին կատարուեցան լրացուցիչ ընտրութիւններ Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան կազմերուն մէջ։