Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնագիտական Բաժանմունքի կազմակերպութեամբ երիտասարդական համագումար

Horizon Weekly Newspaper

Հովանաւորութեամբ ու Ներկայութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնագիտական Բաժանմունքին, Շաբաթ, 22 Մարտ 2025-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ իւրօրինակ համագումար մը, որ կը համախմբեր Հայ երիտասարդներ, ամբողջ օր մը միասնաբար զարգանալու աստուածաբանական ուսմանց մէջ, աճելու հոգեւորապէս եւ խորանալու ղեկավարման հմտութիւններու մէջ։

Երեք մասնագէտ դասախօսներ, իրենց մասնագիտութեան ծիրէն ներս երիտասարդներուն ներկայացուցին այժմէական թեմաներ, անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով, հետեւեալ վերնագրումներով.

“The Christian Church in Post-Modern and Post-Christian Canada: Challenges and Prospects” –Prof. Lee Beach (PhD)

“The Biblical Model of God’s People/Church in Exile: Redefining our Christian Mission Today” – Prof. Lee Beach (PhD)

“Healthy Theology, Healthy Psychology: How Do Faith and Spirituality Affect our Mental and Psychological Health?” – Mrs. Nora Chitilian (LMFT)

“Leadership and Spirituality: Conceptualization, Definition, and Future Directions” – Dr. Dania Ohanian (EdD)

Ամբողջ օրուան մը ընթացքին, դասախօսական ներկայացումներն ու ժամերգութիւնները, ընկերային մթնոլորտն ու քննարկումները միջոց հանդիսացան ստեղծելու մտերմիկ եւ մտամփոփման մթնոլորտ մը, միասնաբար խորհրդածելու եւ քաջալերելու մեր երիտասարդները ծանօթանալու մեր Քրիստոնէական Ուղղափառ հաւատքի ակունքներուն եւ ըստ այնմ՝ դիմագրաւելու արդի աշխարհի մարտահրաւէրները։

Ազգային Առաջնորդարանս յանձնառու կը մնայ պատրաստելու ապագայի ղեկավարներ, որոնք ամրօրէն հաստատուած են Քրիստոնէական մեր հաւատքին, իմաստուն ղեկավարման ատակութեան եւ հոգեկան տոկունութեան մէջ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ