«Գանատայի կառավարութիւնը սկզբունքային որոշում կայացուց». Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան
Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մարգ Կարնօ Ապրիլ 13-ին յայտարարեց , որ Թուրքիոյ վաճառուած գանատական ռազմական սարքերու համաձայնագրերը չեղեալ նկատած է:
Նախարար Մարգ Կարնօն յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Գանատայի Արտաքին գործերու եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն համատեղ ուսումնասիրութենէն ետք եւ իրազեկ դառնալէ ետք գանատական ռազմական սարքերու կիրառման մասին Արցախեան պատերազմի ընթացքին՝ այսու կը յայտարարեմ կասեցումը արտահանման արտօնագրերու որ ժամանակաւորապէս կասեցուած էր անցեալ Աշնան: Նշենք, որ սոյն որոշումը կայացած է որովհետեւ ռազմական սարքերու օքտագործումը դէմ է գանատական արտաքին քաղաքականութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ տրուած վերջնական օգտագործման երաշխիքներուն»:
Սգարպորոյի- էյճինքորթ շրջանի պատգամաւոր Արիս Պապիկեան այս մասին անդրադառնալով յայտնեց, «ես ուրախ եմ որ Գանատայի կառավարութիւնը կայացուց սոյն սկզբունքային որոշումը, որ կը վերահաստատէ գանատական արժէքները եւ սկզբունքները: Այսպիսով Գանատան կը դադրի մեղսակից ըլլալէ պատերազմական ոճիրներու: Այս որոշումը յուսադրիչ քայլ մըն է: Մեր վարչապետը պէտք է Թուրքիոյ նախագահ էրտողանին եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ներկայացնէ Միջազգային ոճիրներու դատական ատեանին դատուելու առ այդ: Աւելին, անոնք պէտք է հեռացուին ՆԱԹՕ-ի դաշինքէն»:
Սոյն որոշումը արդիւքն է այն ճնշումներուն, որոնք գործադրուեցան Գանատայի ծերակոյտի, Գանատայի խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն, Օնթարիոյի եւ Քէպէքի օրէնսդիր մարմիններուն, լրատուամիջոցներու եւ Գանատայի Հայ դատի յանձնխումբին, Գանատայի Յունական Գոնկրէսի, Ploughshares հասարակական կազմակերպութեան եւ զանազան հանրածանօթ գանատացի անձնաւորութիւններուն կողմէ:
Հոկտեմբեր 13-ին Գանատայի վարչապետ Թրուտոյին ուղղուած նամակին եւ Օնթարիոյի խորհրդարանի Հոկտեմբեր 21, 2020– ի յատուկ նիստին տեղի ունեցած քննարկումներու առիթով , տիար Արիս Պապիկեան յատուկ կերպով անդրդարցաւ այս հարցին՝ ըսելով. «պէտք է կասեցնել ռազմական սարքերուն վաճառքը Թուրքիոյ»: Աւելին, Արիս Պապիկեան վարչապետին կոչ ուղղեց հեռացնել Թուրքիան ՆԱԹՕ-էն եւ տնտեսական G20էն»:
Այս առթիւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց՝ «Գանատայի կառավարութեան կոչ կ՚ուղղենք աւելի բարձր մակարդակի թափանցիկութիւն կիրառել զէնքի արտահանման արտօնագրերու գործընթացքին եւ դադրեցնել զէնքի վաճառքը։ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին: Թուրքիոյ հետեւողական ռազմական գործողութիւնները եւ ռազմատենչ արտաքին քաղաքական օրակարգը ցոյց կուտայ, որ Անգարան յուսալի դաշնակից մը չէ, եւ ոչ ա՛լ վստահելի է Գանատայի կառավարութեան արտաքին քաղաքական նպատակներուն եւ արժէքներուն պահպանումին»:
Ապրիլ 12-ին, նախարար Կառնոյի հետ հեռաախօսային կապի ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Չաուշօղլուն պահանջեց վերանայիլ պաշտպանական արդիւնաբերութեան սահմանափակումներու որոշումները: Իսկ Օթաուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը յայտարարեց ըսելով, «մենք կ՝ակնկալենք, որ ՆԱԹՕ-ի մեր դաշնակիցները խուսափին ապակառուցաղական քայլերէ, որոնք ժխտականօրէն կ՚անդրադառնան մեր երկողմ յարաբերութիւններուն վրայ եւ կը խախտեն դաշինքին համերաշխութիւնը»: