Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Չոնկ, Աշթըն եւ ծերակուտական Հուսաքոս կը դատապարտեն Ատրպէյճանի կողմէ ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու փորձերը
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Մայքըլ Չոնկ եւ Նիքի Աշթըն, ինչպէս նաեւ ծերակուտական Լիօ Հուսաքոս դատապարտած են Սիւնիքի սահմանգծին իրականացուող ատրպէյճանական կամայական ՀՀ սահմանատարածք ներխուժելու բռնարարքները։
Ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Մաիքըլ Չոնկ կոչ ուղղեց Գանատայի կառավարութեան, որպէսզի դիրքորոշուի ի նպաստ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան։
Նոր Դեմոկրատատական կուսակցութեան անդամ ՆԻքի Աշթըն նոյնպէս կոչ ուղղեց Գանատայի կառավարութեան, որ դատապարտէ Հայաստանի սահմանագծին վրայ թրքական աջակցութեամբ ատրպէյճանական սահմանախախտումի փորձերը՝ որպէս միջազգային օրէնքները խախտող արարք։
Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լիօ Հուսաքոս իր կարգին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքի ոտնահարումը վտանգաւոր և անօրինական նախայարձակում է։