Գանատայի Ժառանգութեան Նախարար Մէլանի Ժոլի մտահոգութիւն կը յայտնէ Արցախի իրադրութեան գծով
2068
0
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ երկուշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, Գանատայի Ժառանգութեան Նախարարուհի՝ Մէլանի Ժոլին, իր թուիթըրեան պաշտօնական էջին վրայ գրառում մը կատարած էր, ուր իր մտահոգութիւնը կը յայտնէր Արցախի մէջ դէպքերու զարգացման գծով եւ միաժամանակ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէր Գանատայի հայ համայնքին, նշելով՝ «Հայ համայնքի անդամները երկար ժամանակէ ի վեր կը բարձրաձայնէին իրենց մտահոգութիւները տարածաշրջանի խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան կարևորութեան և խաղաղութեան ապահովման վերաբերեալ: Ես կանգնած եմ անոնց կողքին: Բոլորը պէտք է յարգեն հրադադարի համաձայնագիրն ու ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի աշխատանքները»: