Գանատայի զանազան շրջաններէն ազգային գործիչներ կը մասնակցին Փարիզի մէջ ընթացող Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովին

Փարիզի մէջ այժմ ընթացող Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովին, Գանատայի տարբեր շրջաններէն՝ Օնթարիոյէն, Քեպեկէն (Քէպէք) եւ Պրիթիշ Քոլոմպիայէն ժամանած ազգային-եկեղեցական ու հասարակական գործիչներ իրենց կարեւոր մասնակցութիւնը կը բերեն խորհրդաժողովի աշխատանքներուն։ Խորհրդաժողովի օրակարգային նիւթերը կը վերաբերին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, ազգային հիմնախնդիրներու լուծման մէջ Սփիւռքի ռազմավարական դերին, ինչպէս նաեւ ազգային արժէքներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ առանցքային նշանակութեան՝ Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման գործին մէջ։

Նշենք, որ խորհրդաժողովը այս նիւթերու քննարկման համար մէկտեղած է աւելի քան 25 երկիրներէ ժամանած շուրջ 160 ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին են հոգեւոր առաջնորդներ, համայնքային ղեկավարներ, հանրային-քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, գործարարներ եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու անդամներ։

Նիստերը սկիզբ առին այս առաւօտ եւ պիտի շարունակուին մինչեւ վաղը՝ կիրակի, 12 ապրիլ։ Խորհրդաժողովը պիտի աւարտի աշխարհասփիւռ հայութեան ուղղուած յատուկ կոչ-յայտարարութեամբ մը, որուն պիտի յաջորդեն քաղաքական, տեղեկատուական եւ համայնքային գործնական նախաձեռնութիւններ։