Գանատայի Բնիկ Ժողովուրդներու Սքուամիշ ազգի հասարակական գործիչը կը զօրակցի Արցախի ժողովուրդի արդար դատին

ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Մեղրիկ Սուլահեան Չափանեան, Սեւան Յակոբեան եւ Վահէ Անտոնեան, Շաբաթ, 16 Մարտ 2024-ին, յատուկ հանդիպում մը ունեցան Գանատայի բնիկ ժողովուրդներու Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Սքուամիշ բնիկ ժողովուրդի մշակութային կապի ներկայացուցիչ եւ հասարակական գործիչ տիկին Շատայէ Ճոնսընի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին ներկայացուցիչները տիկին Ճոնսընի ներկայացուցին Արցախի եւ Հայաստանի հակիրճ պատմականը, զեկուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի հազարամեայ բնիկ ժողովուրդին հանդէպ իրագործուած նոր ցեղասպանութեան, բռնի տեղահանութեան եւ արցախահայութեան ներկայ իրավիճակին մասին։

Ճոնսըն նախ յայտնեց իր հասկացողութիւնը հանդէպ Հայ Դատին ու արցախահայութեան հարցին, որոնք շատ տարբեր չեն տեղւոյն բնիկ ժողովուրդին դէմ գործուած անարդարութիւններէն, ապա յայտնեց իր զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին։ Ան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց կրկին հանդիպելու եւ խոստացաւ այս հարցը փոխանցել ոչ միայն Պրիթիշ Գոլոմպիոյ, այլ ամբողջ Գանատայի բնիկ ժողովուրդներու բարձր ատեանին եւ ապահովել անոնց զօրակցութիւնը եւս՝ արցախահայութեան իր երկիր վերադարձի իրաւունքին եւ ազգային, կրօնական եւ մշակութային կոթողներու պաշտպանութեան եւ արդար դատին ի խնդիր։

Նշենք, որ Գանատայի հազարամեայ բնիկ ժողովուրդներէն Սքուամիշ ցեղախումբը, Գանատայի գաղութատիրութեան ժամանակշրջանին ենթարկուած է տեղահանման եւ այլ անարդարութիւններու։

 

Comments are closed.