Գանատայի արտգործ նախարար Մելանի Ժոլի Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով պատգամ յղեց
1008
0
Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով, Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի ուղերձ մը յղած է, ուր կը յայտնէ, թէ կը միանայ գանատահայ համայնքին Հայոց Եղեռնի յիշատակման օրը, նշելով, որ մեր հաւաքական պատասխանատուութիւնն է յիշել զոհերը եւ պաշտպան կանգնիլ պատմական ճշմարտութեան։ Հաստատելով որ Գանատան յստակ կեցուածք ունի ժխտողականութեան դէմ, նախար Ժոլի ուղերձին մէջ կը շեշտէ, որ մինչ կը նշենք Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օրը, բոլոր Գանատացիներուն կը հրաւիրեմ ժամանակ տրամադրելու եւ սորվելու մարդկութեան պատմութեան այս մութ էջին մասին եւ յարգանքի տուրք մատուցելու զոհերուն:
Comments are closed.