Գանատայի Արտաքին Գործոց Նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայնը Յստակացուց Գանատայի Պաշտօնական Կեցուածքը Արցախի Նկատմամբ
Մայիս 4-ին, ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին ուղղուած իր նամակին մէջ, Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայնը յստակացուց Գանատայի պաշտօնական դիրքորոշումը Արցախի վերաբերեալ:
Հակառակ Արցախի մէջ կայացած համապետական ընտրութիւններու կապակցութեամբ Անգարայի մօտ Գանատայի դեսպանատան կողմէ հրապարակուած դիւանագիտական անպատասխանատու և միակողմանի Թուիթէրյան տխրահռչակ յայտարարութեան, նախարար Շամփայնը յստակօրէն յայտարարած է, որ Գանատան լիովին կ’աջակցի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործընթացին, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման և ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին, ի շարս այլոց, ինչպէս ամրագրուած է Հելսինքիի եզրափակիչ համաձայնագրին մէջ:
«Չնայած որ կը զղջամ կայացած անհանգստութեան համար, որ այս յայտարարութիւնը յառաջացուց Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Գանատահայ համայնքին մօտ, ես ձեզ կը հաւաստիացնեմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ մեր վաղեմի դիրքորոշման մեջ որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած»: նախարարը նշած է իր նամակին մէջ:
«Գանատայի դիրքորոշումը հիմնուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի աշխատանքներուն վրայ, որուն մենք ամբողջովին կ’աջակցինք: Մեր դիրքորոշումը չի կանխարգիլէր այս գործընթացի արդիւնքը: Գանատան համաձայն է Մինսքի խումբի հետ, որ հակամարտութեան ռազմական լուծում մը անըդնունելի է, եւ որ ցանկացած բանաձև պետք է նկատի ունենայ Հելսինքիի եզրափակիչ համաձայնագիրը»: եզրափակած է նախարարը:«Մենք գոհացած ենք տեսնելով, որ նախարարը վերահաստատեց հաւասարակշռութիւնը՝ փաստօրէն գերազանցելով դեսպանատան կողմէ հրապարակուած անպատասխանատու յայտարարութիւնը, սակայն կը հաւատանք որ դեռ շատ գործ ունինք ընելու այս ուղղութեամբ», – այս մասին յայտնեցին Հայ Դատի յանձնախումբի համանախագահներ Հրակ Տարագճեան եւ Շահէն Միրաքեան:
Նշենք, որ Ապրիլ 3-ին, ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը նամակ մը յղած էր նախարար Շամփայնին՝ դատապարտելով Անգարայի Գանատայի դեսպանատան կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը, պահանջելով անոր ջնջումն ու համապատասխան պարզաբանումները: Յանձնախումբը նախարարէն նաեւ պահանջած էր տուն կանչել դեսպանը իր անպատասխանատուութեան եւ Գանատայի հաւասարակշռուած դիւանագիտական ընթացակարգը խախտելու պատճառով: