Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն

Օգոստոս 19-ին, Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն։ Ընդունելով եւ բարի գալուստ մաղթելով նախարարուհիին, «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան նախարարուհի Ժոլիին նուիրեց «Հորիզոն»ի 2023 թուականի Տարեկան բացառիկ յաւելուածը։ «Հորիզոն»ի աշխատակից Թալիա Ճապրայեանի հետ կայացած հարցազրոյցի ընթացքին, նախարար Ժոլի անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանատան մօտալուտ բացման մանրամասնութիւններուն, միաժամանակ հաստատելով, որ անձնամբ ներկայ պիտի գտնուի դեսպանատան բացման արարողութեան։ Անդրադառնալով Արցախի շրջափակման, նախարարուհին յայտնեց, որ Օթթաուան կոչ կ՚ուղղէ Լաչինի միջանցքի անյապաղ ապաշրջափակման եւ մարդասիրական տարրական օգնութեան մատակարարման։ Հարցազրոյցը շուտով կը հրապարակուի «Հորիզոն»ի youtube-ի հարթակին վրայ։

 

 

Comments are closed.