Գանատայէն Հայաստան ժամանած դաշնակցական պատանիները որպէս յուշ իրենց հետ տարած են հող ու ջուր, խունկ ու մոմ եւ փոքրիկ խաչքարեր

ԵՐԵՒԱՆ.- Այս տարի՝ յուլիսի 5-17-ը, ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան անդամները այցելած էին Հայաստան։ Այս տարուան հայաստանագնացութեան ծրագրին մասնակցած են 29 պատանի՝ Մոնթրէալի, Լաւալի եւ Թորոնթոյի շրջաններէն, վեց ԳԵՄ-ական վարիչ, որոնք ճամբորդութեան ընթացքին պատասխանատու եղած են կազմակերպչական աշխատանքներուն համար, եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Նորա Արուշեանը՝ 2026 թուականի հայաստանագնացութեան խումբի ընդհանուր պատասխանատուն։ Ընդհանուր առմամբ, Գանատայէն Հայաստան ժամանած են 36 հոգի։

«Հորիզոն»-ի թղթակցին հետ զրոյցի ընթացքին Նորա Արուշեանը պատմեց, թէ այս ծրագիրը առաջին անգամ իրականացուած է 2002 թուականին։ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը որոշած է երկու տարին անգամ մը իր պատանիներուն համար հայաստանագնացութիւն կազմակերպել։ Միայն համաճարակի եւ Արցախեան պատերազմի ժամանակաշրջանին ծրագիրը չէ իրականացուած։ Այս տարի՝ 2026 թուականին, Գանատայէն հայաստանագնացութեան ծրագիրը արդէն տասներորդ անգամ ըլլալով կազմակերպուած է։ Երկու շաբթուան ընթացքին Գանատայէն ժամանած պատանիները առիթ կ՛ունենան այցելելու բոլոր այն վայրերը, որոնց մասին նախապէս միայն լսած էին կամ կարդացած՝ պատմութեան գիրքերուն մէջ։

Նորա Արուշեանը պատմեց. «Ծրագիրի ծիրին մէջ առաջին վայրը, որ այցելեցինք, Եռաբլուրն էր, ուր մեր յարգանքի տուրքը մատուցեցինք մեր նահատակներուն։ Ապա այցելեցինք Ծիծեռնակաբերդ եւ Սարդարապատ։ Այս օրերուն ընթացքին այցելեցինք Հայաստանի բոլոր մարզերը՝ բացի Լոռիի մարզէն, ուր չկրցանք այցելել։ Հասանք մինչեւ Տաթեւ եւ Դիլիջան։ Նաեւ հետաքրքրական հանդիպումներ ունեցանք։ Օրինակ՝ Թաթուլ Կրպէեանի անուան այգիին մէջ հանդիպեցանք տիկին Իրինա Կրպէեանին՝ Թաթուլ Կրպէեանի կնոջ։ Ան խօսեցաւ Թաթուլ Կրպէեանի մասին։ Ատիկա մեր պատանիներուն ամէնէն սիրելի պահերէն մէկն էր։ Ունեցանք նաեւ խաչքար փորագրելու եւ լաւաշ թխելու դասընթացքներ։ Այս ամբողջ ընթացքին մեր պատանիները իրենց աչքերով տեսան այն, ինչին մասին սորված էին ժողովներուն ընթացքին»։

Նորա Արուշեանը շեշտեց, թէ պատանիներուն համար մեծ հաճոյք էր յատկապէս Արարատը տեսնելը։

«Մեզի համար ալ մեծ հաճոյք էր տեսնել, թէ ինչպիսի հիացումով կ՛անցընէին անոնք այս օրերը հայրենիքի մէջ՝ երբ տեսարժան վայրեր կը տեսնէին, մարդոց հետ կը շփուէին, ամէն տեղ հայերէն կը լսէին եւ հայերէն կը խօսէին»,– աւելցուց Նորա Արուշեանը։

Պէտք է նշել, որ պատանիներուն մեծամասնութիւնը առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կ՛այցելէր։ Պատանիները խնդրած էին Հայաստանի մէջ իրենց վերջին օրը ազատ անցընել, որպէսզի այցելեն Վերնիսաժ եւ իրենց սիրելիներուն համար փոքրիկ յուշանուէրներ գնեն։

«Հետաքրքրական է, որ անոնց մեծամասնութիւնը որպէս յուշ Հայաստանէն իր հետ տարած է հող եւ ջուր, փոքրիկ խաչքարեր, իսկ Էջմիածինէն՝ խունկ եւ մոմ։ Այս կերպ շատեր, որոնք երբեք Հայաստանի մէջ չեն եղած, կրնան իրենց զաւակներուն աչքերով տեսնել հայրենիքը, նկարներու միջոցով տեսնել զայն եւ շօշափել հայրենի հողը»,– մանրամասնեց Նորա Արուշեանը։

Գանատայէն ժամանած պատանիներէն Ռազմիկ Թորիկեանը պատմեց, թէ նախապէս քանի մը անգամ եղած է Հայաստանի մէջ, բայց այս անգամուան այցը տարբեր եղած է, քանի որ ընկերներուն հետ էր, եւ բոլոր օրերը հետաքրքրական եղած են։ Անոնք Հայաստանի ՀՅԴ պատանեկան միութեան անդամներուն հետ ջերմ շփումներ ունեցած են։ Իրեն համար ամէնէն տպաւորիչը եղած է այն օրը, երբ այցելած են Եռաբլուր, իսկ մարզերէն ամէնէն շատ տպաւորուած է Շիրակի մարզով՝ յատկապէս Գիւմրի քաղաքով։

Ծիլա Քեշիշեանը առաջին անգամ էր Հայաստանի մէջ։ «Շատ սիրեցի Հայաստանը եւ դարձեալ կ՛ուզեմ Հայաստան գալ։ Հիանալի օրեր ունեցանք Հայաստանի մէջ։ Ընտանիքիս անդամներէն ոչ ոք Հայաստան այցելած է, ուստի անոնց համար այստեղէն յուշանուէրներ պիտի տանիմ, որպէսզի այսպէս գոնէ Հայաստանի շունչը զգան։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ եղած եմ։ Ամէնէն գեղեցիկ եւ ամէնէն քաղցր երկիրը, որ տեսած եմ, Հայաստանն է։ Յատկապէս հիացած եմ Հայաստանի մարզերով՝ մասնաւորաբար Շիրակի մարզով եւ Գիւմրիով»,– նշեց Ծիլան։

Գաբրիէլ Պետրոսեանն ու Վայք Գաթարոյեանը եւս, Ծիլային պէս, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան ժամանած էին։ Գաբրիէլին ամէնէն շատ տպաւորած է Սեւանայ լիճը, իսկ Վայքին՝ Սարդարապատի յուշահամալիրը եւ խաչքարերը։ «Հիացած եմ նաեւ Հայաստանի խոհանոցով»,– նշեց Վայքը։

Գանատայի պատանեկան միութեան անդամ Մովսէս Ադամեանը չորրորդ անգամ ըլլալով Հայաստան կ՛այցելէր, բայց նախապէս երբեք Եռաբլուր չէր այցելած։

«Եռաբլուր այն վայրն է, որ ամէն հայ պէտք է այցելէ։ Հաց թխելու եւ խաչքարագործութեան դասընթացքները եւս շատ հաճելի էին։ Հայաստանէն հետս տհոլ մը պիտի տանիմ։ Միշտ ուզած եմ տհոլ նուագել սորվիլ։ Արդէն իսկ գնած եմ տհոլը եւ յոյս ունիմ, որ պիտի սորվիմ նուագել։ Ինչպէս ըսի, մենք խաչքարագործութեան դասեր ունեցանք եւ փոքրիկ խաչքարեր պատրաստեցինք, որոնց վրայ փորագրուած էին իւրաքանչիւրիս անունին առաջին տառերը։ Հետս պիտի տանիմ նաեւ իմ պատրաստած խաչքարը»,– պատմեց Մովսէս Ադամեանը։

Անի Գադայլեանը, որ Հայաստանի պատանեկան միութեան անդամ է, տպաւորուած էր Գանատայէն ժամանած ընկերներուն հետ հանդիպումով։ «Մենք իրարու կը պատմէինք մեր առօրեային եւ մեր նպատակներուն մասին։ Արամ Մանուկեանի անունը կրող կեդրոնին մէջ միասին պարեցինք եւ խաղեր խաղացինք։ Յոյս ունիմ, որ մեր ընկերները իրենց հետ ջերմ յուշեր պիտի տանին»,– ըսաւ Անի Գադայլեանը։

Հայաստանի պատանեկան միութեան անդամներ Նորայր Յակոբեանն ու Արփի Աթոյեանը եւս մեր թղթակցին պատմեցին, թէ տպաւորուած են Գանատայէն ժամանած ընկերներուն հետ հանդիպումով։ Ընկերներուն հետ զրուցած են ոչ միայն իրենց հասարակաց գաղափարներուն, այլեւ Գանատայի մշակոյթին մասին։

Սերժ Սոմունջեանը, որ Գանատայի պատանեկան միութեան Մոնթրէալի «Դրօ» եւ Լաւալի «Գետաշէն» մասնաճիւղերու վարիչն է, պատմեց, թէ հայաստանագնացութեան այս ծրագրին ընթացքին զբաղած է կազմակերպչական աշխատանքներով։

«Մեր պատանիներուն համար շատ կարեւոր է Հայաստանի մէջ գտնուիլը, մեր նահատակներուն յարգանքի տուրք մատուցելը, պատմական վայրեր այցելելը եւ անոնց պատմական արժէքը ճանչնալը։ Երեւանի մէջ մեզ ջերմօրէն ընդունեցին նաեւ Հայաստանի պատանեկան միութեան անդամները։ Մենք բոլորս կրկին կը համոզուինք, որ մեզ միացնողը Դաշնակցութիւնն է։ Ես բազմիցս եղած եմ Հայաստանի մէջ, բայց պատանեկան միութեան հետ երբեք հայրենիք չէի եկած։ Ասիկա բոլորովին ուրիշ զգացողութիւն էր»,– պատմեց Սերժ Սոմունջեանը։

Ան շեշտեց, թէ իրենց համար մեծ հպարտութիւն էր տեսնել պատանիներուն հիացումը։

«Ինծի համար ամէնէն տպաւորիչ օրերէն մէկը մեր Եռաբլուր այցելութիւնն էր։ Պատանիները յուզուեցան եւ հպարտութիւն զգացին։ Մենք ամէն շաբաթ ժողովներ կը գումարենք Գանատայի մէջ, որոնց ընթացքին պատանիները կը սորվին պատմութիւն եւ մեր քաջերուն մասին։ Անոնք Եռաբլուրի մէջ տեսան ու զգացին, թէ ինչ կը նշանակէ հայրենիք այցելելը եւ ինչ է հայրենիք ունենալու գինը։ Անոնք խնդրեցին, որ Գանատա վերադառնալէ առաջ դարձեալ երթանք Եռաբլուր, որպէսզի կրկին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեն, մոմ վառեն եւ խունկ ծխեն։ Յոյս ունիմ, որ դարձեալ հայրենիք այցելելու առիթներ պիտի ունենանք»,– եզրափակեց Սերժ Սոմունջեանը։

ՅԱՍՄԻԿ ՊԱԼԷԵԱՆ