Գանատահայ Միրիամ Պաղտասարեան Քեպէգ նահանգի «Ձայն»ը երգի մրցոյթի կիսաւարտական հանգրուան անցաւ
18-ամեայ մոնթրէալահայ Մանէ (Միրիամ) Պաղտասարեան Գանատայի Քեպէգ նահանգի TVA հեռուստակայանի «Ձայն»ը (La Voix, The Voice) երգի մրցոյթի կիսաեզրափակիչ հանգրուանին ելոյթ ունենալով գեղեցիկ ու անթերի մեկնաբանութեամբ կատարեց Take me to church երգը ու յաղթանակ արձանագրելով ապահովեց մրցոյթի կիսաւարտական հանգրուանի իր տոմսը։
18-ամեայ մոնթրէալահայ Միրիամ Պաղտասարեան Միրիամ յաճախած է Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանը (Նախակրթարան), ապա ուսումը շարունակած է Հայասհատանի մէջ եւ աւարտած «Յակոբ Կոջոյեան»ի անուան նկարչական վարժարանը։ Հայաստանի մէջ Միրիամ մասնակցած է երգի մրցոյթներու, իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով «Դարձիր իմ Անի» երգով ելոյթ ունեցած է Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։
Կիսաւարտական հանգրուանին Մանէն մրցակից պիտի ունենայ 7 քեպէգցի երգիչ-երգչուհիներ։ Նշենք, որ մրցոյթի ամէնէն կրտսեր մասնակիցը 18-ամեայ Մանէն է։