Գանատահայութիւնը պահանջատիրութեան իր ձայնը բարձրացուց Օթթաուայի մէջ

Ապրիլ 24, 2017-ին, Թորոնթոյէն, էմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ աթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանեցին աւելի քան 2000 հայորդիներ եւ Գանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը: Հաւաքին իրենց պետական դրօշները պարզած միացան ասորական, եւ ռուանտական եւ պատուիրակութիւններու անդամները, որոնք Օթթաուա ժամանած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու հայութեան։ Հաւաքն ու քայլարշաւը կազմակերպուած էին Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ։

Օթթաուայի ոստիկանութիւնը, այս տարի եւս թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն արտօնագիր տուած էր, որպէսզի անոնք անատայի Խորհրդարանին դիմաց իրենց հաւաքը կատարեն գրեթէ միեւնոյն պահուն, երբ գանատահայերը կը կատարեն Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման ամենամեայ աւանդական արարողութիւնը: Հայ եւ թուրք համայնքները իրարմէ բաժնուած էին յատուկ անցարգել մետաղեայ պատնէշներով:

Պաշտօնական հանդիսութեան հանդիսավարն էր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գործավար Սեւակ Պելեան։ Հայ Դատի յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց Նորա Արուշեան դատապարտեց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը։ Ան յատկապէս շեշտեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զուգահեռ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ գործադրուած ասորիներու եւ Փոքր Ասիոյ յոյներու ցեղասպանութիւնները նոյնպէս կանխամտածուած էին։

Խօսք առաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Արմէն Եգանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի իշխանութիւններուն, որոնք հայութեան իրաւունքներուն եւ համաշխարհային առումով մարդկային իրաւանց պաշտպան կը հանդիսանան։ Ան նաեւ բուռն կերպով դատապարտեց Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը եւ յայտնեց, թէ նման ուրացումներ կրնան առաջնորդել այլ ցեղասպանութիւններու գործադրման ու անպատժելիութեան: Դեսպանը անդրադարձաւ նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան 10-րդ տարելիցին, հաստատելով, որ Տինքի ահաբեկումը Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է։

Իշխող Ազատական կուսակցութեան կողմէ խօսք առաւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդարանական քարտուղար Անտրու Լեսլի։ Ան ընթերեց անատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի առիթով հրապարակած ուղերձը, ուր վարչապետը կը վերահաստատէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Գանատայի պետական քաղաքականութիւնը:

Խօսք առաւ նաեւ Ազատական կուսակցութեան խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Խուրի, որ յատկապէս յիշեց ամէն Ապրիլ 24-ին Օթթաուա այցելող հանգուցեալ վերապրող Քնար Եմէնիճեանին։

Ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անունով խօսք առաւ խորհրդարանի անդամ Կարնէթ Ճէնիս, որ ներկաներուն յայտնեց, թէ իր մեծ մայրը Հրէական Ողջակիզումի վերապրողներէն եղած է եւ իրեն փոխանցած է հրեայ ժողովուրդի կրած արհաւիրքի պատմութիւնը։ Ան յայտնեց, որ Բ. Աշխարհամարտէն ետք երմանիան հատուցում կատարեց հրեաներուն, շեշտելով, որ ողջամիտ արարք պիտի ըլլար Թուրքիոյ հետեւելու երմանիոյ օրինակին եւ արդար հատուցում կատարելու հայ ժողովուրդին։

Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ հայ ժողովուրդին զօրակցութեան խօսք արտասանեց խորհրդարանի անդամ Ալեքսանտր Պուլրիս, որ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Ապրիլ 24-ը ճշմարտութեան յաղթանակակի օրը պէտք է դառնայ։

Ելոյթ ունեցան նաեւ նաեւ Իսրայէլի եւ Հրէական Հարցերու Կեդրոնի տնօրէն Ռիշար Մարսօ, Հելլէնական-գանատական Գոնկրէսի նախագահ Թէոտոր Հալատծիս, Ռուանտացիներու HUMURA կազմակերպութեան փոխ նախագահ Ժան լոտ Նկապոնզիզա եւ Գանատայի Ասորի Երիտասարդութեան կողմէ Ռոզմարի Եաչուհ, որոնք հաստատեցին յոյն, հրեայ, ռուանտացի եւ ասորի ժողովուրդներու զօրակցութիւնը հայութեան դատին, շեշտելով, որ անցեալի ցեղասպանութեանց ուրացումները կÿառաջնորդեն նոր ցեղասպանութիւններու:

Խորհրդարանի դիմաց հաւաքի աւարտէն ետք աւելի քան 2000 հայորդիներ ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր 150-200 թուրք ցուցարարները, հակահայ պաստառներով կանգնած էին: Ոստիկաններո ստուար թիւ մը եւ անցարգել պատնէշներ կը բաժնէին ցուցարար երկու կողմերը: Հակառակ թրքական կողմի գրգռիչ փորձերուն, հայկական կողմը շարունակեց դեսպանատան դիմաց ոգեկոչման արարողութիւնը, որու ընթացքին ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) կազմակերպութեամբ գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր, որու ընթացքին հայ երիտասարդները հաստատեցին պահանջատիրական երթը շարունակելու նոր սերունդի վճռակամութիւնը: Միաժամանակ, սիրուած երգիչ Էլի Պէրպէրեան խանդավառեց հայ ցուցարարները։

Նշենք, որ առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն այցելեցին ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք Առաջնորդ սրբազան Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ դեսպան Արմէն Եգանեանի հետ, դեսպանատան «Յաւերժական Հայաստան» յուշարձանին մօտ աղօթքով ոգեկոչեցին Մեծ Եղեռնի 100-ամեակը: Նշենք, որ առաջին անգամ ըլլալով այս արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Օթթաուայի քաղաքապետ Ճիմ Ուաթսըն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.