Գանատահայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակը պիտի ոգեկոչէ առցանց

Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2020-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը փոխանցեց, որ Քորոնա ժահրի (COVID-19) համաճարակին յարուցած խնդիրներուն պատճառով, Գանատայի հայ համայնքը, Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակը պիտի ոգեկոչէ առցանց տարբերակով: Ոգեկոչման հանդիսութիւնը կազմակերպուած է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան կողմէ եւ պիտի սփռուի ընկերային ցանցերու հարթակներու վրայ:

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, որ ոգեկոչման առցանց տարբերակը կ՚ապահովէ, որ Գանատայի հայ համայնքը մնայ անվտանգ՝  անսալով Գանատայի կառավարութեան յորդորներուն, միաժամանակ՝ հնարաւորութիւն կու տայ  ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակը:

Առցանց ոգեկոչման հեռարձակուող հանդիսութիւնը պիտի փոխանցէ համայնքի ղեկավարութեան եւ հոգեւոր առաջնորդներու պատգամները, վաւերագրական տեսերիզ՝ ցեղասպանութեան վերաբերեալ Գանատայի մարդասիրական գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ հայ երիտասարդութեան խօսքը։ Հեռարձակումը տեղի կ՚ունենայ Ուրբաթ, 24 Ապրլի ժամը 12:00-ին:

Ապրիլ 24-ի ամբողջ շաբթուան ընթացքին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի հրապարակէ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման այլ ծրագիրներ, ներառեալ՝ գանատացի քաղաքական դէմքերու պատգամներ:
 
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Facebook-ի հասցէն է

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.