Գանատահայութիւնը կը միանայ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Թորոնթոյի «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղին, Կիրակի, 5 Մայիս 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» զօրակցական ժողովրդային հաւաք, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածաին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհն. Միքայէլեանի եւ Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի, ԳԵՄ-ի ու Պատանեկան միութեան անդամներուն եւ սրտցաւ հայրենակիցներու:
ԳԵՄ-ի անունով խօսք առաւ Մինաս Վերտանեան եւ ըսաւ. «Հայորդինե՛ր, պահը օրհասական է. պայքարը՝ մէկ, եւ թշնամին՝ մէկ, երէկ Արցախն ու Շուշին, այսօր Տաւուշը, վաղը Սիւնիքը, աւելի ուշ Երեւանը գրաւելու լուրջ վտանգին դէմ յանդիման կանգնած ենք: Պահն է համախմբուելու ու քայլելու Չարենցի հետքերով, որ կ’ըսէ “Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժին մէջն է”: Առաջնորդուինք Նժդեհի, Արամ Մանուկեանի, Պետոյի, Տուշմանի կտակով: Մենք խաղաղութեան կողմնակից ենք, բայց արժանապատիւ ու կայուն խաղաղութեան. ոչ մէկ ժամանակ միակողմանի զիջումները խաղաղութիւն կ’ապահովեն, ոչ մէկ ժամանակ յանձնուողական քաղաքականութիւնը կը զսպէ թշնամիին յարձակողապաշտ ախորժակները», ապա եզրափակեց. «Մենք՝ ուխտեալ եւ երդուեալ պատանիներ ու երիտասարդներ, պիտի շարունակենք քայլել մեր նախնիներուն ուղիով. թող հնչեն զանգերը, որպէսզի հայ մարդը երբեք չլքէ իր տունը, որպէսզի Եռաբլուրը անտէր չմնայ ու Ծիծեռնակաբերդ չդառնայ. մենք կը հաւատանք, որ հոգեւոր Հայաստանը պիտի յաղթէ “նոր Հայաստան”ին, սէրն ու հաշտութիւնը պիտի յաղթեն ատելութեան եւ թշնամանքին, եւ Եռագոյնը պիտի յաղթէ սեւին ու սպիտակին»:
Անկէ ետք ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան ելոյթ ունեցաւ ըսելով. «Այսօր հայրենիքի մէջ մեր հայրենակիցները փողոցներն են՝ դատապարտելու հայրենի հողեր յանձնելու Հայաստանի իշխանութեան դաւադիր ընթացքը: Եւ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի իշխանութեան յանձնուողական վարքագիծը: Մենք Արցախի, Տաւուշի եւ համայն հայութեան կողքին ենք, կրկին անգամ կը դատապարտենք հայրենի հողերը յանձնելու եւ զիջելու իշխանութիւններուն պարտուողական դաւադիր այս ընթացքը եւ կու գանք հաստատելու, որ որպէս ժառանգորդներ մեր պատմական հայրենիքին, այսօրուան եւ վաղուան յաջորդական սերունդներով, վճռած ենք անվհատ շարունակել մեր պայքարը մինչեւ մեր արդար իրաւունքներու վերատիրացումը»:
Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան փոխանցեց իր պատգամը ըսելով. «Այս օրերուն ոչ մէկ հայ կրնայ անտարբեր մնալ, երբ Տաւուշէն սկիզբ առած է քայլարշաւ մը, ոչ միայն քալելու, այլ խօսքը լսելի դարձնելու, այսօրուան իշխանութիւններուն, որոնք զիջումի քաղաքականութիւն կը վարեն. երէկ Արցախն էր, այսօր Տաւուշը, վաղը Գեղարքունիքը, միւս օրը Սիւնիքը եւ Երեւանը… անընդունելի է նման մօտեցում ու քաղաքականութիւն: Որքան որ հայ եկեղեցին սրբութիւն է, նոյնքան հայրենի հողը սուրբ է եւ անժամանցելի գանձ», ապա խօսքը ուղղելով ԳԵՄ-ականներուն ըսաւ. «Ուրախ ենք, որ մեր ԳԵՄ-ականները այսօր այստեղ, եկեղեցւոյ դիմաց մեր ժողվուրդին հետ կու գայ միանալու այն շարժման, որ ճշմարտութեան կողքին է, կու գայ ըսելու, որ մենք տէրն ենք մեր հողին, մենք արժանապատուօրէն պահելու ենք մեր սուրբ հողը»:
Սրբազան Հայրը իր պատգամը փակեց ըսելով. «Մեր ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին նման տագնապներէ անցած է, բայց երբեք չէ յուսահատած: Մենք երբեք իրաւունք չունինք յուսահատելու. մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը՝ յանուն վաղուան արդարութեան, յանուն ճշմարտութեան, յանուն մեր հողերու ձեռքբերման ու պահպանման, մեր արժէքներու ու սրբութիւններու պահպանման ու յանուն մեր ապագայի տեսիլքի իրականացման»:
Հաւաքը վերջ գտաւ «Սարդարապատ» յաղթերգի խմբային երգեցողութեամբ:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Comments are closed.