Գանատական The Globe and Mail թերթը խորքային հետաքննութեան կ՚ենթարկէ Թուրքիոյ զինուորական սարքերու վաճառքը
Գանատացի ռազմական լրագրող Նիլ Հաուր, որ անցնող օրերուն գտնուած է Ստեփանակերտ, գանատական The Globe and Mail օրաթերթին մէջ գրած է հետաքննական յօդուած մը, ուր հարցադրման կ՚ենթարկէ Օթթաուայի դաշնակցային կառավարութիւնը՝ Թուրքիոյ զինուորական սարքեր վաճառելու առնչութեամբ։ Արցախեան պատերազմը վերջին օրերուն լայն արձագանգ գտած է գանատական մամուլին մէջ։
Լրագրողը կը նշէ, որ Թուրքիոյ վաճառուած գանատական ռազմական գիտարուեստի սարքերը, այժմ կ՚օգտագործուին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին դէմ։
Հետաքննական յօդուածը լուսարձակը ընդլայնելով, կը վկայակոչէ գանատացի ռազմագիտական մասնագէտ Քէլսի Կալակըրի վկայութիւնը, ընդ որում, մասնագէտը կը հաստատէ, որ թրքական խոցուած անօդաչու սարքերէն մէկը կը կրէ Գանատայի Պըրլինկթըն քաղաքին մէջ գործող L3Harris Wescam ընկերութեան կողմէ արտադրուած MX-15D մակնիշով թիրախաւորող տեսողական կազմասարքը։
Գանատական լրատուամիջոցը միաժամանակ յատուկ լուսանկարիչ գործուղած է Երեւան, որ իր կարգին, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան թոյլտուութեամբ նկարահանած է խոցուած ԱԹՍ-ն եւ գանատական ռազմասարքը։
The Globe and Mail-ի խմբագրութիւնը Հոկտեմբեր 29-ին խնդրոյ առարկայ լուսանկարները ուղարկած է Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի եւ արտգործ նախարարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնի համապատասխան գրասենեակներուն, յատկապէս հարց տալով, եթէ Գանատայի կառավարութիւնը պիտի կասեցնէ այդ սարքերու վաճառքը Անգարայի։ Օթթաուայի պատասխանը եղած է այն, որ կը շարունակեն այս հարցով հետաքննութիւնը։
Գանատական ազդեցիկ օրաթերթին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ տեղ գտած է նաեւ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի համանախագահ Շահէն Միրաքեանի հաստատումը, ուր ան կը յայտնէ, թէ յանձնախումբը դիմած է արտգործ նախարար Շամփայնին եւ պահանջած, որպէսզի Օթթաուան ռազմասարքերու մասնագէտներ գործուղէ Երեւան քննելու թրքական խոցուած ԱԹՍ-ի տեսախցիկի արտադրողական ինքնութիւնը։ Հակառակ պահանջուածին, Օթթաուա ցարդ կը յամենայ գործնականօրէն ոչինչ կատարել։ Այս մասին Միրաքեան կը յայտնէ, որ յանձնախումբը յուսադրուած է, որ շուտով Օթթաուայի կողմէ գործնական նախաձեռնութիւն մը սկիզբ առնէ։