Գաղափարի մարտիկ՝ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի անմեռ յիշատակին
28 Մարտ 1985-ին, Պէյրութի մէջ, հակադաշնակցական վարձկաններու կողմէ կ’առեւանգուէր եւ չբացայայտուած պայմաններու մէջ կը սպաննուէր ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի խմբագիր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Սարգիս Զէյթլեան:
Հ. Յ. Դաշնակցութեան գաղափարական մտքի դրօշակակիր, պայքարի խրոխտ ղեկավար, եւ հայ ժողովուրդի անմահանուն զաւակներէն` ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 35-ամեակն է այսօր:
Այս տարին, նախախնամութեամբ մը նաեւ կը զուգադիպի ընկեր Զէյթլեանի ծննդեան 90- ամեակին:
Մուսալերան հերոսասիրտ զաւակ՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հնոցին մէջ թրծուած եւ անոր ռահվիրաներու շունչով լիցքաւորուած Սարգիս Զէյթլեան` անձնուիրաբար եղաւ հաւատարիմ ջահակիրը իր բնօրրանին ու պաշտած կուսակցական երդումին: Ան գաղափարապաշտ իր նկարագրով եղաւ խոնարհ, խստապահանջ, խիզախ ու անբացատրելիօրէն տիպար կուսակցական ղեկավար մը, որուն օրինակելի կերպարը մեր կուսակցութեան պատմագրքին, ինչպէս նաեւ երիտասարդ սերունդի հոգիներուն մէջ ներկայ եւ կենդանի պիտի մնայ միշտ:
Հակառակ իր յարգանք պարտադրող ու խիստ բնաւորութեան, ընկեր Սարգիս Զէյթլեանը ունէր ազնիւ հոգի մը։ Կարդացէ՛ք իր կենսագրութիւնը, ազգայնացունց խմբագրականները, հայրենանուէր գրութիւնները, եւ պիտի տեսնէք թէ որքա՜ն տոկուն, որքա՜ն խիզախ զգացումներու դրսեւորումներ կը լեցնեն իր ներաշխարհն ու կեանքի էջերը:
Ընկեր Զէյթլեան անձ մըն էր, որուն ներկայութեան ինքզինքդ կը զգայիր զուսպ, սակայն կլանուած իր յանդուգն մտքի գանձարանէն։ Անոր հոգիէն ճառագայթող ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը կը գրաւէին քեզ ու կ’առաջնորդէին գաղափարական անքակտելի մտերմութեան մը։
Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան ծնած էր 1930 թուականին Մուսա-Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը, հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն դաժան տարիներուն: Ան իր մարմնին վրայ կրեց տարագրութեան ահաւոր տառապանքներն ու ցաւերը, պատանի տարիքէն կրեց հայրենիք ու բնօրրան կորսնցուցած ըլլալու ահաւոր իրականութիւնը: 1939 թուականին երբ Մուսա-Լերան ժողովուրդը դարձեալ կը բռնէր տարագրութեան ճամբան, պատանի Սարգիսը իր ծնողքին եւ համագիւղացիներու հետ ապաստան կը գտնէր Լիբանանի տափաստան, փոշիածածկ եւ համաճարակի դաշտավայր Այնճարի մէջ, որ յետագային պիտի դառնար Լիբանանի կանաչապատ գեղատեսիլ եւ գեղեցկագոյն գիւղերէն մին, որու աստիճանաւոր վերելքին համար ընկեր Զէյթլեան ներդրաւ իր մտաւորական եւ գաղափարական ձիրքերը:
Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան իր գիտակցական կեանքի ամբողջ ընթացքին, մանկութենէն մինչեւ Միջին Արեւելքի գաղթօճախները հանգրուանելը ու մինչեւ իր առեւանգումը, եղաւ մեսրոպաշունչ լեզուի ջինջ ղօղանջը, Հ. Յ. Դաշնակցութեան հաստատ համոզումներու ուղղամիտ երդուեալ ընկերը, եղաւ մեր ժողովուրդի արդարութեան եւ պահանջատիրութեան, ծառայութեան ու նուիրումի ոգին շեփորող խիզախ հրապարակախօսն ու բազմութիւններ խանդավառող բանախօս հռետորը, եղաւ իր կոչումին տէր կրթական մշակն ու տնօրէնը, աննկուն կամքով Հ. Յ. Դաշնակցութեան խիզախումներն ու գաղափարախօսութիւնները քաջաբար հրապարակագրող խմբագիրը, դառնալով մերօրեայ յեղափոխական գրականութեան իսկական զինանոց-դպրոցի մը կերտիչ մտաւորականը։
Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի յարկին տակ իր հայեցի եւ ազգային դաստիարակութիւնը կը ստանայ հայրենիքի ջերմութիւնը իրենց հոգիներուն մէջ սեղմած, Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը կերտած ղեկավարներէն, պետական, կրթական եւ ազգային-հասարակական գործիչներ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի եւ Կարօ Սասունիի շունչին տակ: Ազգանուէր եւ հայրենանուէր գաղափարախօսութիւններով հարստացած, ան կը դառնայ ժառանգորդը հայրենի ղեկավարներուն։ Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան, որպէս ուսուցիչ, տնօրէն եւ դաստիարակ, իր արդարագոյն լուման ներդրաւ կրթական եւ ուսումնական գանձարանին մէջ, ապահովելով պատուաբեր եւ արժանաւոր պատուանդան մը գրական, խմբագրական եւ կրթական անդաստաններէն ներս։ Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան վերջին 65-ամեակին, ղեկավարութեան սերնդափոխութեան պատմական տարիներուն, ընկեր Զէյթլեանը հանդիսացաւ կուսակցութեան վերանորոգման եւ վերաթարմացման շարժումի մտաւորական եզակի ղեկավար դէմքերէն մին, դարձաւ գաղափարական դարբնոց եւ անոր ղեկավարած հնոցին մէջ դաստիարակուեցան Հ. Յ. Դաշնակցութեան նորահաս սերունդները հայկական մաքրամաքուր շունչով, դաստիարակուեցան անոր մագնիսացնող դասախօսութիւններով, հայրենիքը չտեսած` հայրենիքներ կերտուեցան անոնց հոգիներուն մէջ, միշտ վառ պահելով Քրիստափորներու, Ռոստոմներու եւ Զաւարեաններու նուիրաբերուելու ոգին, Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայրենիք ունենալու տեսլականը:
Գաղափարի նուիրեալ մարտիկ` ընկեր Զէյթլեան ստանձնած է Հ. Յ. Դ. մամուլի եւ այլ օրկաններու խմբագրի պաշտօնը: Ան 1972 թուականին Վիեննայի մէջ կ’ընտրուի Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի անդամ եւ այնուհետեւ անխափան կը շարունակէ իր շօշափելի մասնակցութիւնը բերել Հ. Յ. Դ.-ի ղեկավարման գործին, սակայն երեսուն հինգ տարիներ առաջ՝ 28 Մարտ, 1985 թուականին, Պէյրութի մէջ կ’առեւանգուի եւ ապա անգթօրէն եւ անմարդկային կերպով ահաբեկման ենթարկուելով` կը սպաննուի:
Ընկեր Զէյթլեան իր գիտակցական կեանքի ամբողջ տեւողութեան, մանաւանդ ազգային, յեղափոխական, կրթական եւ մշակութային գործերուն մէջ իր բերած նպաստի ընթացքին, եղաւ բծախնդիր, շրջահայեաց, անաչառ ու հեռատես։ Ան իր հաւատքը վերածեց գործի եւ տուաւ իր լաւագոյնը։ Եւ հիմա` անոր առեւանգման 35-ամեակին եւ նահատակութեան անորոշ թուականին, բարձրաճակատ ու հոգեկան մեծ հպարտութեամբ կ’ըսեմ, թէ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանը գալիք յեղափոխականաշունչ հայ նորահաս սերունդներուն կրցաւ հարազատօրէն փոխանցել ազգի մը պատկանելիութեան հպարտութիւնը, հայ լեզուի եւ գրականութեան հանդէպ անսահման սէրը, հաւատալով, որ գալիք սերունդները պիտի կերտեն մեր նոր օրերու հայոց պատմութիւնը՝ ամբողջական հայրենիքի ամբողջական հայութեամբ պանծալի պատմութիւնը։
Սիրելի ընկեր Սարգիս, այսօր քու առեւանգումիդ եւ նահատակութեանդ 35-րդ ամեակին առիթով, 130-ամեայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան բազմահազար գաղափարի ընկերներդ կը խոնարհին քու անմեռ յիշատակին առջեւ եւ կ’ուխտեն շարունակել կիսաւարտ թողած ազգանուէր գործդ:
Այսօր, 28 Մարտ,2020-ի այգաբացին՝ մենք կը վերանորոգենք մեր սրբազան ուխտը, որ Հայ Դատի հանդէպ ունեցած նուիրումի ոգիդ, Դաշնակցութեան գաղափարի մարտիկի փայլատակումներդ եւ տիպար հայ մարդու նկարագիրդ վարակիչ կը դառնան գալիք սերունդներու հոգիներուն մէջ, եւ քու կիսաւարտ թողած գործերդ անպայմանօրէն կը շարունակուին բոլոր անոնց կողմէ, որոնք դաստիարակուեցան դաշնակցականի մաքրամաքուր գաղափարախօսութիւններովդ եւ յեղափոխականի շունչովդ։
Բի՜ւր յարգանք քեզի, Գաղափարի Մարտիկ՝ ընկեր Սարգիս Զէյթլեան։
Յ. ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ