Բողոքի Ցոյց Հանրապետութեան Հրապարակին Մէջ` Կառավարութեան Նիստին Ժամանակ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը, զոր կ՛առաջնորդէ Բագրատ արք. Գալստանեանը, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն աւելի քան վեց ժամերէն բողոքի ցոյց կ՛իրականացնէր կառավարութեան շէնքին շուրջ:
Նախ առաւօտեան կառավարութեան նիստին զուգահեռ ինքնաշարժներով բոլոր կողմերէն փակուեցան Հանրապետութեան հրապարակի մուտքերը: Հրապարակը քանի մը վայրկեան անդամալուծուած վիճակի մէջ էր, ոստիկանութիւնը, սակայն, շատ արագ միջոցներ կիրարկեց, 9 մարդիկ բերման ենթարկուեցան, 11 ինքնաշարժներ տարուեցան տուգանային հրապարակ:
Բագրատ սրբազանի առաջնորդած շարժումին մասնակիցները վեց ժամ շարունակ շրջեցան կառավարութեան շէնքին շուրջ` փորձելով փակել կամ հսկել բոլոր մուտքերը, որպէսզի կարենան հանդիպիլ շէնքէն դուրս եկող վարչապետին հետ: Նիկոլ Փաշինեանը շէնքէն այդպէս ալ դուրս չեկաւ, յամենայն դէպս` կառավարութեան որեւէ անդամի, ներառեալ վարչապետը, բողոքի ցոյցին մասնակիցները չհանդիպեցան ցոյցին ժամանակ: Շէնքին քանի մը շարքով ոստիկանական պատ կը հսկէր մինչեւ ուշ ժամանակ:
Բագրատ սրբազանը կառավարութեան շէնքը որակեց «բանտ»` նկատի ունենալով, որ եթէ առաջ Փաշինեանը կրնար հեծանիւով շրջիլ մարդոց մէջ, հիմա փակուած է այս շէնքին մէջ եւ դուրս չի գար:
«Ինք արդէն այս շէնքը կալանավայրի վերածած է, տեսէք ոստիկանական շերտերը», ըսաւ Բագրատ արքեպիսկոպոս` աւելցնելով. «Ես միշտ ըսած եմ` մենք ի՞նչ ըրած ենք` ոչ մէկ բան: Մարդիկ պարզ եկած են, ինքնաշարժները կը տանին, չեն ձգեր մուտք գործեն ազդանշանի համար, մենք ալ եկած ենք ըսելու, որ «դուն այս երկրին մէջ ընելիք չունիս»: Հիմա կալանավայր չէ՞, հեծանիւով չէր շրջեր, հեծանիւով էր, չէ՞, իսկ հիմա ո՞ւր է հեծանիւը»:
Աւելի քան վեց ժամ ընթացող բողոքի ցոյցի աւարտին Բագրատ արքեպիսկոպոսը իր աջակիցներուն հաղորդեց, թէ Փաշինեանը այլ ճամբով դուրս եկած է շէնքէն, եւ այլեւս անիմաստ է մնալ մուտքերուն մօտ եւ սպասել զայն:
Բողոքի ցոյցի ընթացքին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները տնկիներով մօտեցան ցուցարարներուն: Սա խորհրդանշական քայլ էր, եւ պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանը բացատրեց, թէ ի՛նչ նկատի ունին անով. «Փաշինեանը իր յայտնի հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ըսաւ, որ, օրինակ, տարբերակ կրնայ ըլլալ անվտանգութեան ապահովման, եթէ Կիրանցի դպրոցի կողքին տնկեն ծառեր: Հիմա եթէ Կիրանցի դպրոցի երեխաներուն անվտանգութիւնը կարելի է ապահովել տնկիներով, կ՛առաջարկենք Փաշինեանի անվտանգութիւնը երաշխաւորող ոստիկաններուն փոխարէն դնել այս տնկիները` թող ետ քաշուին: Ինչպէս որ Տաւուշէն կ՛առաջարկեն զօրքերը ետ քաշել, տեղը, օրինակ, տնկիներով ապահովել անվտանգութիւն, թող իրենք գոնէ իրենց դնեն այն պայմաններուն մէջ, որ կ՛առաջարկեն, օրինակ, կիրանցեցիներուն»:
Comments are closed.