Բոլոր Ուժերը Պէտք է Յայտարարեն, որ Փաշինեանի Ստորագրած Փաստաթուղթը Երբեւէ Պիտի Չընդունին. Իշխան Սաղաթելեան
Վարչապետի աթոռը ժամանակաւոր զբաղցնող անձը չի կրնար սպասարկել Հայաստանի շահերուն, հետեւաբար անոր կողմէ ստորագրուող փասթաթուղթն ալ չի կրնար մեր շահերէն բխիլ։ Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, նշած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան՝ անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի այն պնդումին, թէ ստորագրուելիք նոր փաստաթուղթը 100 տոկոսով մեր շահերուն կը համապատասխանէ:
Իշխան Սաղաթելեանի համոզումով՝ Փաշինեանը չունի օրինականութիւն եւ իրաւասութիւն որեւէ փաստաթուղթ ստորագրելու, իսկ եթէ պիտի ընէ ճնշումներու տակ, ուրեմն թող հեռանայ: Սաղթելեան վստահ է, որ այդ փատաթուղթը կ՝ենթադրէ տարածքներու զիջում եւ կը յիշեցնէ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ կը զգուշացնէր՝ Փաշինեանը Ալիեւի հետ իր բանաւոր համաձայնութիւնները պիտի փորձէ փաստաթղթաւորել:
Որ Նիկոլ Փաշինեանը դեռ վարչապետի աթոռը կը զբաղցնէ, ատով Սաղաթելեանը նաեւ իր մեղքի բաժինը կը տեսնէ եւ ներողութիւն կը խնդրէ ժողովուրդէն:
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.