Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդը այցելեց երկրաշարժէն փրկուած եւ մարմնական վնասներ կրած հայորդիներուն
835
0
Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, ազգայիններու եւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանի այցելեց երկրաշարժէն փրկուած եւ մարմնական վնասներ կրած հայորդիներուն, «Ֆրիշօ» հիւանդանոց։
Սրբազան հայրը, իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եւ ի խորոց սրտի աղօթեց ահաւոր երկրաշարժէն Տիրոջ նախախնամութեամբ փրկուած հայորդիներուն համար, գօտեպնդելով զիրենք եւ մաղթելով Ամենակալին զօրութեամբ շուտափոյթ ապաքինում։