Բերիոյ Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը վերահաստատեց սուրիահայութեան գոյերթը շարունակելու հաստատակամութիւնը

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 164-րդ նիստը գումարուեցաւ Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2017, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ Թեմի երեսփոխանական, Ազգ. Կրօնական ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան կազմերուն, նաեւ շարք մը հրաւիրեալներու:

Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 164-րդ նիստը հիմնականին մէջ յատկացուած էր, Թեմի Գործադիր Իշխանութեան նորընտիր երկու կազմերուն` Ազգ. Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան յառաջիկայ երկամեակի (2017-2019) գործունէութեան Աշխատանքային Ուղեգիծ-Ծրագիրներու քննարկման եւ հաստատման:

Նիստը սկսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր բացման աղօթքով: Ապա Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքով, ներկայացուց նիստին անկիւնադարձային նշանակութիւնը` որպէս վերականգնումի եւ վերաշինութեան նստաշրջան, հրաւիրելով ներկաները ողջմիտ եւ իրատեսական քննարկումներով հարստացնել ժողովը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:

Յաջորդաբար ներկայացուեցան Ազգ. Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան երկամեայ Աշխատանքային Ուղեգիծ-Ծրագիրները, որոնք հանգամանօրէն քննարկուեցավ ժողովականներուն կողմէ՝ սուրիական տագնապի աւարտին յուսալից ակնկալութեամբ, վերականգնումի եւ վերաշինութեան բոլորակէն ներս:

Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 164-րդ նիստը մանաւանդ յատկանշուեցաւ.
1.- Բերիոյ Հայոց Թեմի դարարմատ խորհրդանիշ` Ս. Քառասնից Մանկանց պատմական Մայր Եկեղեցւոյ նորոգութեան ծրագրի քննութեամբ:
2.- Համազգային Ուխտատեղի նորոգ ազատագրեալ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ եւ Ապրիլեան Յուշահամալիրի վերաշինութեան ծրագիրը պատրաստելու համահայկական կամքի արտայայտումով:
3.- Մեր Համայնքի զաւակներուն հոգեւոր-բարոյական, կրթական, հայեցի դաստիարակութեան, ծառայողական, բազմաբնոյթ ծրագիրներու գործադրութեան տնօրինումով:
4.- Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի պատմական առաջին շէնքի ու շրջապատի բարենորոգման ծրագրումով:
5.- Ազգ. Առաջնորդարանը յարմարաւէտ կառոյցով մը օժտելու ուսումնասիրութեամբ:

Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 164-րդ նիստը վերահաստատեց սուրիահայութեան գոյերթը շարունակելու հաստատակամութիւնը, սուրիական հայրենիքի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հանդէպ իր հաւատարմութիւնը:

Սրբազան Հայրը իր փակման խօսքով, բարձր գնահատեց նիստին գումարումը որպէս խրախուսիչ երեւոյթ, ուրախութիւնը արձանագրեց երկամեակի աշխատանքային պատկերացումներուն գծով, գնահատանքը սուրիական բանակին եւ զինակիցներուն, մնայուն ապահովութիւն մաղթեց մեր ժողովուրդին եւ սուրիական հայրենիքի հողերու ամբողջական ազատագրում, ՀՀ յարաճուն վերելք ու բարգաւաճում: Ան հրաւիրեց բոլորը յառաջատեսիլ մօտեցումով եւ վերականգնումի հոգեբանութեամբ ներկայացուած ծրագիրները ընդհանրապէս` մեկնարկը համարել վերականգնումի եւ վերաշինութեան գործին:

Դիւան
Բերիոյ Հայոց Թեմի
Ազգ. Առաջնորդարանի

10/11/2017

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.