Բարերարներ Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեաններու Ճիգերով 3000 Լիբանանահայ Կարիքաւոր Ընտանիքներու Յատկացուեցաւ Մէկ Միլիոն Ամերիկեան Տոլար

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակին առիթով եւ նկատի ունենալով Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած տնտեսական ու ընկերային ծանր տագնապները` հինգշաբթի, 25 յունիս 2020-ին, ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ մէկ միլիոն տոլար նուիրեցին լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան նպատակին:

Լիբանանահայութեան օժանդակութեան այս կարեւոր աշխատանքը իրականացնելու համար, Ազգային  առաջնորդարանի հովանաւորութեան ներքեւ կազմուեցաւ Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրի գործադիր վարչութիւնը, որ ճշդելու համար կարիքաւոր ընտանիքներու ընտրութեան ընթացքն ու գումարներու յանձնումի կարգը, անմիջապէս գործի լծուեցաւ: Յանձնախումբը աշխատանքի հրաւիրեց նաեւ կամաւորական խմբակներ, որոնք, պարզելու համար մեր համայնքին մէջ գոյութիւն ունեցող իսկական կարիքները, ամբողջացուցին մասնաւոր հարցարաններ եւ դրամական նպաստներու ցրուումի աշխատանքները առաւելաբար կատարեցին Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներէն, որոնց աջակցեցան Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնն ու շրջաններու թաղական խորհուրդներու անդամներ:

Գործադիր վարչութիւնը օգոստոս-դեկտեմբեր ամիսներու ընթացքին երեք յաջորդական  փուլերով, 3000 ընտանիքներու տրամադրեց կանխիկ գումարներ:

Այժմ, աշխատանքը բարւոք պայմաններով իր աւարտին հասցուցած ըլլալով, Գործադիր վարչութիւնը սրտագինս շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր թաղական խորհուրդներուն եւ իր աշխատանքին կամաւորաբար օժանդակած մեր հայրենակիցներուն, որոնք իրենց կարեւոր նպաստը բերին նշեալ ծրագիրի յաջողութեան:

Այս առիթով, Գործադիր վարչութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն եւ երախտիք կը յայտնէ նաեւ ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններուն, որոնք ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ գուրգուրանքի առարկայ դարձնելով մեր համայնքի կարիքաւոր ընտանիքները,  նաեւ շարունակաբար ու իշխանավայել մասնակցութեամբ կը մնան լիբանանահայութեան կողքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՊԷԶԻՔԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.