Բանիւ եւ գործով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի պաշտօնական կայքէջէն տեղեկացած էինք, որ Լոզանի 100-ամեակին ընդառաջ մասնագիտական խորհրդակցութիւն մը գումարուած է Անթիլիասի մէջ ։

Եթէ ոչ իր ժողովուրդին հետ տարագրուած, իրաւազրկուած եւ հայ ինքնութեան պահպանումը առաքելութեան վերածած պահանջատէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, հապա՝ ո՞վ, հակառակ բազմապիսի խոչընդոտներուն հայ ներուժը համատեղելու աննախընթաց  նախաձեռնութեամբ հանդէս պիտի գար։ Կը մնայ սպասել, որ այս մասնագիտական խորհրդակցութիւններուն ներկայացուած զեկոյցներուն եւ կատարոած քննարկումներուն արդիւնք եզրակացութիւնները չըլլան միայն լսարաններու մէջ հնչած մտամարզանքներ, այլ՝ նպատակայարմար ձեւով հասանելի դառնան հայ հանրութեան եւ նպաստեն քաղաքական տեսադաշտը վերլուծելու ունակութեան խորացման եւ ընդարձակման։

Արցախի դաւադրական բռնախլումէն եւ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան գերիշխանութեան ամէնօրեայ ոտնահարումներէն մինչեւ հայ սփիւռքի, յատկապէս` միջին արեւելեան ամրոցները քաքայքայելու ցեղասպան թուրքի ոճրային նկրտումները, հարաւային կովկասէն միջին արեւելք, կը յուշեն հայ ինքնութեան սպառնացող միեւնոյն թշնամին դիմակայելու անխուսաբելիութիւնը եւ կը պարտաւորեցնեն հայկական պետականութիւնն ու աշխարհացրիւ հայութիւնը, ազգային դատ եւ պահանջատիրութիւն ունեցող բոլոր ազգերուն նման, ապաւինիլ միասնականութեան խարիսխին եւ սեփական ներուժի ներգործօն դերակատարութեան, բնականար, քաղաքական գերիշխան դիմադրող, յանձնառու, ո՛չ յանձնուողական քաղաքական կամքի առկայութեան պայմաններու մէջ, որպէսզի աշխարհաքաղաքական վերաձեւակերպուող իրադրութիւններու յորձանուտին մէջ հաւաքական յիշողութեան վերազարթնումով, արեամբ շահուած փորձառութեամբ եւ պահանջատիրութեան յանձնառութեամբ ամրանայ հայրենիքի մէջ վարուած ապաշնորհ քաղաքականութիւններու պատճառով թուլցած հայ ներքին ճակատը՝ համապարփակ ռազմավարութեան մը որդեգրումով, ուր զիրար կ’ամբողջացնեն հայրենի պետականութիւնն ու սփիւռքեան բազմերանգ հնարաւորութիւնները:

Անհրաժեշտ է, բնականաբար, նախ ճշդել եւ համախոհութիւն գոյացուցած ըլլալ նպատակին շուրջ, որովհետեւ կարելի պիտի չըլլայ տարբեր նպատակներ հետապնդողներու միջեւ միասնականութիւն գոյացնելը։

Գրիգոր Տունկեան

Comments are closed.