Բազմահազար հայորդիներ Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին
- (0)

24 ապրիլին բազմահազար մարդիկ Երեւանի մէջ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Անոնք յարգանքի տուրք մատուցեցին 20-րդ դարի սկիզբը Ցեղասպանութեան զոհ դարձած աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու յիշատակին:
Բազմահազար հայորդիներու կարգին այդ օր Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելեցին նաեւ հայ ժողովուրդի օտարերկրացի բարեկամներ, օտարերկրացի քաղաքական գործիչներ եւ դեսպաններ: Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին յարգանք մատուցեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական գործիչները:
Աւանդական Ջահերով Երթ` Դէպի Ծիծեռնակաբերդի Բարձունք

Ջահերով երթը այս տարի կը կրէր «Մէկ Հայրենիք, մէկ դատ, մէկ ճանապարհ` պայքար» խորագիրը:
Երթի սկիզբէն առաջ ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը եւ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Գոռ Սարգսեանը:
«Մեզ կը ստիպեն հրաժարիլ հայկական հարցէն, մեր անցեալէն` որպէսզի գողնան մեր ապագան», իր ելոյթին մէջ նշեց Իշխան Սաղաթէլեան: Ըստ անոր, ստեղծուած իրավիճակին մէջ ընելիքը մէկն է` դիմադրութիւն եւ պայքար:
Երթի մասնակիցները Հանրապետութեան հրապարակին մէջ այրեցին Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի դրօշները, ապա «Պայքար, պայքար, պայքար» վանկարկումներով շարժեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Երթի առջեւէն կը քալէր հոգեւոր դասը խաչի առաջնորդութեամբ: Մասնակիցները իրենց հետ կը տանէին այն երկիրներուն դրօշները, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ անոնք մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան աւելի քան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Անմար կրակին մօտ կիսով բարձրացուեցան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու դրօշները: Երթի մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակի շուրջ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:
Ջահերով Երթ` Ստեփանակերտի Մէջ

Աւելի քան 4 ամիս շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի մէջ անգամ մը եւս շեշտուած է Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, դատապարտելու անհրաժեշտութիւնը` նոր ցեղասպանութիւնները կանխելու համար:
Նախքան երթը Ս. Յակոբ եկեղեցիին մէջ կատարուած է ոգեկոչման արարողութիւն: