Բագրատունի. «Պայքարի Վերանորոգման Ուխտի Պահն Է, Այլ Ելք Չունինք»
- (0)

«Սովորաբար մեր կուսակցութեան ամեակներու տօնակատարութիւնները առիթ են ներկայացնելու հաշուետուութիւններ մեր ժողովուրդին, սակայն այսօր պայմանները այնքան բարդ են ու դաժան, որ այսօր ո՛չ տօնակատարութեան տրամադրութեան մէջ ենք, ո՛չ ալ անպայմանօրէն հաշուետուութիւն ներկայացնելու խնդիր կայ, քանի որ մենք ազգովին վտանգուած ենք», ՀՅԴ 135-ամեակին նուիրուած հանդիսութենէն առաջ լրագրողներուն ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Անոր համաձայն, այսօր վտանգուած է մեր ժողովուրդը, հայրենիքը, համայն եկեղեցին:
«Այսօր ինծի համար պայքարի վերանորոգման ուխտի պահն է, այլ ելք չունինք», ըսաւ Բագրատունի` ընդգծելով պայքարի դրօշի բարձրացման անհրաժեշտութիւնը:
Ըստ Բագրատունիի, 135-ամեայ կուսակցութեան պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ տարբեր պայմաններու ու ժամանակաշրջաններու մէջ հայ ժողովուրդի պայքարի դրօշակակիրը դարձած է Դաշնակցութիւնը, որուն նպատակն է պաշտպանել բովանդակ հայ ժողովուրդի իրաւունքները:
«Այսօր այն փուլն է, որ լրջանանք, կարենանք վերանորոգել ուխտը», ըսաւ Բագրատունի` ընդգծելով, որ այսօր թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը Հայաստանը հայ պահելն է, սփիւռքէն Հայաստանի օտարացումը արգիլելն է, ազգային արժէքներու պահպանումն է, Արցախի ժողովուրդի արդար վերադարձն է հայրենիք:
Միւս կողմէ, Բագրատունի նաեւ հարցազրոյց տուաւ հայրենի «5-րդ Ալիք» պատկերասփիւռի կայանին: Բագրատունի հարցազրոյցի ընթացքին ի միջի այլոց անդրադարձաւ Լեւոն ԺԴ. պապին Լիբանան այցելութեան եւ անոր կարեւորութեան` նշելով, որ թէ՛ սրբազան քահանայապետի ժամանման եւ թէ՛ մեկնումի ժամանակ ինք ընդգրկուած եղած է լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան կազմին մէջ: Բագրատունի նշեց, որ Լեւոն ԺԴ. պապը իր այցելութեան ընթացքին չէր կրնար առանձին-առանձին պատուիրակութիւններ ընդունիլ` ըլլան անոնք հոգեւոր պետեր կամ քաղաքական դէմքեր, բայց ինք սրբազան քահանայապետի մեկնումին ժամանակ առիթը ունեցած է փափաք յայտնելու, որ սրբազան քահանայապետը իր ընդհանուր տեսադաշտին մէջ մտածէ նաեւ հայութեան արդարութեան եւ իրաւունքներուն մասին: