Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Քէպէգի մէջ
Շաբաթ, 8 Դեկտեմբին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս ընկերակցութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանին եւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն, այցելեց Քէպէգ քաղաքը, ուր մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ գաղութի զաւակներուն համար։
Կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանին եւ Քէպէգի հայ գաղութին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ այցելեց Կոմիտասի կիսանդրին, ուր զետեղեց ծաղկեպսակ եւ կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ապա, Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութամբ գաղութի անդամները մեկնեցան Montmartre Canadien եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի 1988-ի երկրաշարժին ու անոր 30-ամեակին, խօսեցաւ միասնակամութեան մասին, որպէս ազգ եւ հայրենիք, եւ այս առիթով շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ բոլորս Անոր կամքին համաձայն կեանք ապրինք եւ նաեւ հոգեպէս Իրմով առաջնորդուինք։
Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն Universite Laval-ի մէջ։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրիորդ Սեդա Թելեանին եւ Պրն. Ժան Մկրտիչեանին, յիշատակելի այս օրուան իրականցման եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն համար։
Այցելութեան կը մասնակցէին նաեւ Մոնթրէալի եւ Լաւալի շրջաններէն ազգայիններ։