Աւստրիոյ մէջ Եպիսկոպոսաց ժողովը պիտի կայանայ փոխուած կարգավիճակով
- (0)

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժանմունքի տնօրէն, Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան, Կիրակի օրուան Սուրբ Պատարագէն ետք, անդրադառնալով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի դէմ կիրառուած երկրէն մեկնելու արգելքին, յայտարարեց, թէ Եպիսկոպոսաց ժողովը Աւստրիոյ մէջ պիտի կայանայ, սակայն՝ տարբեր կարգավիճակով։
«Եպիսկոպոսները պիտի հաւաքուին Աւստրիոյ մէջ։ Բնականաբար, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին բացակայութեան պայմաններուն մէջ Եպիսկոպոսաց ժողովի կարգավիճակը որոշ չափով կը փոխուի։ Ան կը դառնայ եպիսկոպոսներու հաւաք, ուր մեր եպիսկոպոսները դարձեալ պիտի հանդիպին եւ քննարկեն մեր Եկեղեցւոյ առնչուող զանազան հարցեր, մանաւանդ ներկայ իրավիճակը։ Ոչ ոք կրնայ արգիլել մեր եպիսկոպոսներուն՝ հաւաքուելու որեւէ վայրի մէջ, ո՛չ միայն հաւաքի, այլ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի առաջնորդութեամբ Եպիսկոպոսաց ժողով գումարելու համար։
Անդրադառնալով վարչապետին յայտարարութիւններուն՝ սրբազանը նշեց, թէ Մայր Աթոռը Հայաստան վերադառնալէն ի վեր՝ արդէն 700 տարիէ ի վեր կը գտնուի հայրենիքի մէջ եւ պիտի մնայ հոն յաւիտեան։
«Էջմիածնի գանձերը միշտ մեզի հետ եղած են։ Եթէ մենք կարողանանք Էջմիածնի գանձերը դուրս բերել Հայաստանէն, ապա կը նշանակէ, թէ Հայաստան պետութիւն գոյութիւն չունի. կը նշանակէ, թէ ան չի կրնար վերահսկել ո՛չ իր սահմանները, ո՛չ ալ մաքսային ծառայութիւնները»,– ըսաւ ան։
Աւելի կանուխ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը Աւստրիոյ մէջ գումարելու նպատակը Կաթողիկոսութիւնը եւ Էջմիածնի գանձերը Հայաստանէն դուրս փոխադրելն է։
Անդրադառնալով պատմական իրողութիւններուն՝ Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան շեշտեց. «Դուք շատ լաւ գիտէք պատմութենէն, թէ 1441 թուականին, երբ Մայր Աթոռը վերադարձաւ Հայաստան, ան արդէն 700 տարիէ ի վեր կը գտնուի հայրենի հողին վրայ եւ պիտի մնայ հոն յաւիտեան, նոյնիսկ եթէ, ոմանց պատճառով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը դադրի գոյութիւն ունենալէ։ Մայր Աթոռը, հայ հոգեւորականութիւնը եւ մանաւանդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երբեք պիտի չլքեն Հայաստանը»։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին երկրէն մեկնելու արգելքը կապուած է անոր դէմ յարուցուած քրէական գործի մը հետ, որուն ծիրին մէջ կիրառուած է ճամբորդութեան արգելք՝ որպէս կանխարգելիչ միջոց։