Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամ Փօլ Ֆլետչերը նամակ մը յղած է Ատրպէյճանի դեսպանատան՝ կոչ ընելով անյապաղ ազատ արձակել Դաւիթ Իշխանեանը

Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամ Փօլ Ֆլետչերը նամակ մը յղած է Ատրպէյճանի դեսպանատան՝ կոչ ընելով անյապաղ ազատ արձակել Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը։

Ֆլետչերը նաեւ պահանջած է ամսական դրութեամբ տրամադրել տեղեկութիւններ Դաւիթ Իշխանեանի հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջութեան մասին:
Նամակին մէջ նշուած է. «2019 թուականին ես եւ մի քանի տասնեակ իմ գործընկերներս հանդիպած ենք պարոն Իշխանեանին հետ մեր Դաշնային խորհրդարանին մէջ։ Ճիշդ այս պատճառով ալ անոր ձերբակալութեան եւ կալանքի պայմանները յատկապէս մտահոգիչ են ինծի համար»:

Փօլ Ֆլետչերը նամակը եզրափակած է հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Աշխարհը կը հետեւի Ատրպէյճանին։ Աւստրալիան կը հետեւի Ատրպէյճանին»:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆլետչերին իր նամակին եւ բոլոր հայ պատանդներուն ազատ արձակման իր նուիրուածութեան համար:

Comments are closed.