Աւետիք Չալապեան դատարանի դահլիճէն ազատ արձակուեցաւ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- «Հաւաքվէ» նախաձեռնութեան համակարգող Աւետիք Չալապեանի նկատմամբ կիրառուած կալանքը վերացուեցաւ։ Դատաւորը դատական առաջին նիստի ընթացքին որոշեց Չալապեանը ազատ արձակել դատարանի դահլիճէն։
Չալապեան կը մեղադրուի խումբ մը անձերու ընտրելու իրաւունքը խոչընդոտելու նախապատրաստութեան մէջ։
Իրաւապահ մարմիններու վարկածով՝ Չալապեան հանդիպումներ ունեցած է այլ պետութեան պաշտօնատար անձերու հետ եւ փորձած է զանոնք մղել՝ իրենց ազդեցութիւնը օգտագործելով գործարարներու միջոցով Հայաստան ուղղորդելու իրենց կազմակերպութիւններուն մէջ աշխատող անձեր, որպէսզի անոնք քուէարկեն ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքին օգտին։ Քննութեան կողմը որպէս ապացոյց կը ներկայացնէ նաեւ հրապարակուած ձայնագրութիւն մը։
Չալապեան, որ չի հերքեր հանդիպումներ ունեցած ըլլալը, դատարանին մէջ իր դէմ յարուցուած գործը որակեց իրականութեան նենգափոխում։