Աւարտեցաւ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Հնգօրեայ Համաժողովը
24-28 փետրուար 2020 Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաժողովը:
Համաժողովին մասնակցեցան Հայ դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէն եւ գրասենեակներէն եւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն մօտ 50 ներկայացուցիչներ:
Համաժողովը քննարկեց Հայ դատի աշխատանքներու ընթացքը 2019-ի յունուարէն առ այսօր: Լսեց զեկոյցներ` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներու եւ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակի մասին:
Խորհրդաժողովի օրակարգին հիմնական կէտերն էին.
– Հայաստանի ի նպաստ իրազեկման (լոպիինկ) աշխատանքներ,
– Պայքարը` Արցախի իրաւական միջազգային ճանաչումին համար եւ Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան դէմ. Արցախի բարեկամներու ցանցի աշխուժացում.
– Աշխատանքներ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին եւ պահանջատիրական պայքարին ուղղութեամբ,
– Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններ,
– Նախիջեւանի հայկական ինքնութեան արծարծում միջազգային շրջանակներու մօտ,
– Սեւրի դաշնագրի եւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին մասին ուիլսընեան Իրաւարար վճիռի 100-ամեակի քաղաքական բովանդակութեամբ նշում,
– Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագրերու 100-ամեակ. անոնց հետեւանքներու սրբագրութեան եւ վերացնելու ձեւերը,
– Սուրիոյ, Լիբանանի, ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան աջակցութիւն (Տեղւոյն վրայ եւ Հայաստանի մէջ),
– Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու հնարաւորութիւններու զարգացում:
Համաժողովը իւրաքանչիւր հարցի մասին հանեց համապատասխան եզրակացութիւններ` յառաջիկայ գործունէութեան մասին:
Համաժողովը մտահոգութիւն արձանագրեց Արցախի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններու ներկայ փուլին շուրջ ստեղծուած անորոշութիւններու գծով եւ շեշտեց կարեւորութիւնը հայկական քաղաքական բոլոր ուժերու կողմէ վերահաստատումին, որ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը առաջնահերթութիւն է կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Համաժողովին ողջոյնի ուղերձով հանդէս եկաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, որ ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդը պարգեւատրեց «Երախտագիտութիւն» մետալով` «Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչմանն ուղղուած աշխուժ գործունէութեան, Արցախ-սփիւռք կապերի ամրապնդման ու զարգացման գործում ներդրած նշանակալի աւանդի համար»: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը ստանձնելով մետալը` յայտնեց, որ անիկա գնահատականն է ամբողջ Հայ դատի համակարգի գործունէութեան:
ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Երեւան, 29 փետրուար 2020