Արցախ Խոր Հիասթափութիւն Կը Յայտնէ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պաշտօնական Ներկայացուցիչի Յայտարարութեան Վերաբերեալ

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոր հիասթափութիւն եւ տարակուսանք յառաջացնող որակած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչի 30 մայիսի յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան ողջունած է Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) բնակիչներու, այսպէս կոչուած, համաներման հարցը դիտարկելու պատրաստակամութեան մասին Ազրպէյճանի նախագահի վերջին յայտարարութիւնները: «Արմէնփրես»-ը այս մասին տեղեկացաւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութենէն:

Մեկնաբանութեան մէջ նաեւ նշուած է. «Անբացատրելի է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ամբողջութեամբ բացայայտ շանթաժի եւ պարտադրանքի վրայ հիմնուած Ազրպէյճանի նախագահի այդ յայտարարութեան մէջ խրախուսանքի արժանի որեւէ դրական տարր գտնել: Ակնյայտ է, որ Ազրպէյճանի նախագահի յայտարարութեան հիմնական ուղերձը կը կայանար անոր մէջ, որ Ազրպէյճանը կը հրաժարի Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած իշխանութիւններուն հետ հաւասար երկխօսութենէն եւ կ՛առաջնորդուի միայն իր իշխանութիւնը Արցախի ժողովուրդին ուժով պարտադրելու ցանկութեամբ:

Կասկածներ չունինք, որ Միացեալ Նահանգներ ցանկութիւն ունին դրական դեր խաղալ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան արդար, հաւասարակշռուած ու արժանապատիւ լուծման եւ շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու գործին մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, կը գտնենք, որ Պաքուի ապակառուցողական եւ ռազմատենչ քաղաքականութեան խրախուսումը կը հակասէ հակամարտութեան խաղաղ լուծման հարցին մէջ դրական փոփոխութիւններու հասնելու ցանկութեան»:

Comments are closed.