Արցախցի Երիտասարդներու «Անգլերէն եւ Աշխատանքային Հմտութիւններ» Դասընթացքի Հաստատագրերու Բաշխում

Horizon Weekly Newspaper

27 Յունուար 2025-ին, Երեւանի Elite Plaza կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ արցախցի 40 երիտասարդներու համար նախատեսուած «Անգլերէնի ուսուցման եւ աշխատանքային հմտութիւններու զարգացման դասընթացk»-ի հաստատագրերու բաշխումը։

«Աշխարհի հետ խօսիլ աշխարհի լեզուով» կարգախօսը կրող կրթական վեցամսեայ այս ծրագիրը իրականացաւ՝ հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, համագործակցելով Երեւանի Big Mind ուսումնական կեդրոնի հիմնադիր-տնօրէն Պրն. Յակոբ Մաքտիսի հետ։

Ծրագրին մասնակցելու դիմում ներկայացուցած էին 165 արցախցի, ընտրութիւնը կատարուած էր՝ նախապատուութիւնը տալով այն դիմորդներուն, որոնք ցանկութիւն ունին անգլերէն լեզուի իմացութիւնն ու աշխատանքային հմտութիւնները զարգացնելու՝ գործ գտնելու համար։ Նկատի առնուած են նաեւ այն դիմորդները, որոնց համար անգլերէնի անբաւարար իմացութիւնը խոչընդոտ է աշխատանքի ընթացքին հաղորդակցելու եւ հմուտ բանակցութիւններ վարելու համար, ընդունուած են նաեւ դիմորդներ, որոնք աշխատանքի աւելի լաւ առիթ ունենալու համար կարիք ունէին այս դասընթացքին։

Հաստատագրերու բաշխման երեկոյին բացումը կատարեց ծրագրի ղեկավար Տիկին Գոհար Աբրահամեան, որ սահիկներով ներկայացուց ծրագրի անցած ճանապարհը։ Ապա խօսք առաւ «Պիկ Մայնտ» ուսումնական կեդրոնի հիմնադիր-տնօրէն Պրն. Յակոբ Մաքտիս՝ ըսելով,- «Ծրագիրը սկիզբ առաւ «աշխարհի հետ խօսիլ աշխարհի լեզուով գաղափարախօսութեամբ․ փորձեցինք հիմնուիլ անգլերէն դասընթացքի եւ աշխատանքային հմտութիւններու վրայ՝ իւրաքանչիւր մասնակիցի ցուցաբերելով անհատական մօտեցում»։ Խօսքի աւարտին Յակոբ Մաքտիս շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագրի ուսուցիչներուն իրենց աշխատանքը մեծ պատասխանատուութեամբ կատարելու համար։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին այս ծրագիրը հովանաւորելու համար, ինչպէս նաեւ Դոկտ. Տանիա Օհանեանին իր արդիւնաւէտ համագործակցութեան եւ հաստատագրերու բաշխման արարողութեան ներկայ գտնուելու համար։

Ազգային Առաջնորդարանի Դիւանապետը իր հերթին ողջունեց ներկաները՝ ըսելով.-«Հպարտալի պահ է այսքան արցախցի երիտասարդներու մէջ գտնուիլը։ Ուրախ ենք, որ կրցանք յաջողցնել այս ծրագիրը, շնորհակալ ենք ձեր հետեւողական մասնակցութեան համար, շնորհակալ ենք Յակոբ Մաքտիսին եւ ծրագիրը իրականացնող ողջ անձնակազմին։ Հետաքրքրական է, որ դուք այստեղ անգլերէն կը սորվիք, իսկ Գանատայի մեր երիտասարդները հայերէն կը սորվին իրենց ինքնութիւնը պահելու համար։ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդի անունով կը մաղթեմ ձեզի կանաչ ճանապարհ, ուժ, կորով եւ Աստուծոյ օրհնութիւն՝ ձեր ընտրած ճանապարհը յաջողութեամբ շարունակելու համար»։

Ծրագրի մասնակից, գրող-լրագրող Անի Մանկասարեան իր սրտի խօսքը ուղղեց ծրագրի կազմակերպիչներուն ըսելով,- « Այս դասընթացքին մեր սորված անգլերէն առաջին արտայայտութիւնն էր «nice to meet you», եւ այդ արտայայտութիւնը արդարացի էր․ ուրախ ենք, որ արցախցիներս իրարու հանդիպեցանք «Պիկ Մայնտ» կեդրոնի յարկին տակ եւ դարձանք մէկ ընտանիք։ Այստեղ հաւաքուելով մենք ոչ միայն անգլերէն եւ աշխատանքային հմտութիւններ սորվեցանք, այլ իրարու հետ Արցախի բարբառով շփուելով հոգեւոր սնունդ ստացանք»։

Մասնակիցները նկատել տուին ծրագրի կարեւորութիւնը եւ առաջարկեցին, որ ծրագիրը շարունակական ըլլայ, որպէսզի մեծ թիւով երիտասարդներ հնարաւորութիւն ունենան անոր մասնակցելու։

Հաստատագրերու բաշխումէն ետք, Յակոբ Մաքտիս շնորհակալագիր մը յանձնեց Դոկտոր Տանիա Օհանեանին, խնդրելով , որ ան իր հերթին զայն փոխանցէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ըսաւ,- «Շնորհակալ ենք, որ Գանատայի մէջ ապրելով Հայրենիքը չէք մոռնար, որ միայն հեռուէն չէք սիրեր, եւ ձեր բազմաթիւ ծրագրերով եւ ներկայութեամբ մշտական կապի մէջ էք Հայաստանի հետ։ Այս երիտասարդութեան կողքին ըլլալով շատ մեծ գործ կը կատարէք»։

Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանը կը կարեւորէ այս բնոյթի ծրագրերը, որոնց արդիւնքը կրնայ անկիւնադարձային կայուն դեր խաղալ՝ զարգանալու ձգտում ունեցող արցախցի երիտասարդներու կեանքէն ներս։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ