Արցախի քաղաքական շրջանակներուն մէջ քննարկումներ՝ պետական հաստատութիւններու շարունակականութեան շուրջ

ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի քաղաքական եւ հանրային շրջանակներուն մէջ վերջին շաբաթներուն քննարկումներ կը շարունակուին Արցախի պետական հաստատութիւններու գործունէութեան եւ անոնց շարունակականութեան ապահովման շուրջ։

«Հրապարակ»-ի տեղեկութիւններով՝ յուլիսի վերջաւորութեան Հայաստանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան շէնքէն ներս տեղի ունեցած է հանդիպում մը՝ Արցախի նախկին եւ ներկայ պետական պաշտօնեաներու, պատգամաւորներու եւ հանրային գործիչներու մասնակցութեամբ։ Քննարկման հիմնական թեմաները եղած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի նախագահի թափուր պաշտօններուն հարցերը։

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեան յուլիս 2-ին հրաժարական ներկայացուցած էր։ Դանիէլեան, որ նաեւ կը կատարէր Արցախի նախագահի պարտականութիւնները, իր որոշումը բացատրած էր երկարատեւ քննարկումներով եւ խորհրդակցութիւններով՝ նշելով, որ պետական հաստատութիւններու շարունակականութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ է միասնականութիւն եւ հաւաքական պատասխանատուութիւն։

Դանիէլեան Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուած էր 21 Մայիս 2025-ին՝ փոխարինելով Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած Դաւիթ Իշխանեանին։ Աւելի ուշ, Արցախի նախագահի լիազօրութիւններու ժամկէտի աւարտէն ետք եւ Սամուէլ Շահրամանեանի կողմէ նոր թեկնածութիւն չառաջադրուելուն հետեւանքով, նախագահի պարտականութիւնները եւս ստանձնած էր Դանիէլեան։

Անոր հրաժարականէն ետք երկու պաշտօններն ալ թափուր մնացած են՝ Արցախի պետական կառոյցներու իրաւական եւ քաղաքական շարունակականութեան հարցը դարձնելով քննարկումներու առանցքային թեմաներէն մէկը։

«Հրապարակ»-ի համաձայն՝ յուլիսի վերջաւորութեան հանդիպման մասնակցած են նաեւ Արցախի պետական նախարար Նժդեհ Իսկանդարեան, հանրային գործիչ Անաստաս Իսկանդարեան եւ Ազգային ժողովի շարք մը պատգամաւորներ։ Քննարկումներուն ընթացքին ներկայացուած է Նժդեհ Իսկանդարեանի թեկնածութիւնը Արցախի նախագահի պաշտօնին համար, սակայն պատգամաւորները չեն աջակցած առաջարկին՝ նախընտրելի համարելով այնպիսի լուծում մը, որ ապագային Արցախի բնակչութեան մասնակցութեամբ ընտրութեան կարելիութիւն ստեղծէ։

Ինչ կը վերաբերի Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին, Արցախի գործող իրաւական կարգաւորումներուն համաձայն՝ այդ պաշտօնին կրնայ ընտրուիլ միայն խորհրդարանի պատգամաւոր մը։

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ Արցախի քաղաքական ուժերու եւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները կը նախատեսեն օգոստոս 18-ին դարձեալ հաւաքուիլ Արցախի ներկայացուցչութեան մէջ։ Կ՛ակնկալուի, որ խմբակցութիւնները ներկայացնեն ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող իրենց առաջարկներն ու հետագայ քայլերու պատկերացումները։ Առաջնային հարցերէն մէկը պիտի ըլլայ Ազգային ժողովի նոր նախագահի ընտրութիւնը։

Քննարկումներուն մէջ կարեւոր կը նկատուի ոչ միայն թեկնածուի ընտրութիւնը, այլ նաեւ այնպիսի համաձայնութեան ձեւաւորումը, որ ապագային կարելի դարձնէ խորհրդարանի բնականոն գործունէութիւնը՝ նիստերու գումարումը եւ որոշումներու կայացումը։

Միաժամանակ, Արցախի պետական եւ հաստատութենական ներկայութեան պահպանման հարցը կը շարունակէ մնալ նաեւ իրաւական հարթութեան վրայ։ Փաստաբան Ռոման Երիցեան յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան շէնքին վերաբերող դատական վճիռին դէմ իր ներկայացուցած վերաքննիչ բողոքը Վերաքննիչ վարչական դատարանը պիտի քննէ գրաւոր ընթացակարգով, իսկ դատական թղթածրարի հրապարակումը նախատեսուած է Նոյեմբերին։

Արցախի բնակչութեան բռնի տեղահանութենէն ետք պետական հաստատութիւններու գործունէութեան շարունակականութիւնը եւ Հայաստանի մէջ Արցախի իրաւական ու ներկայացուցչական ներկայութեան պահպանումը կը մնան արցախեան քաղաքական շրջանակներուն առջեւ ծառացած հիմնական հարցերէն։