Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան թուայնացումը՝ մշակութային յիշողութեան կենդանի վկայութիւն
- (0)

Արցախի շուրջ ութսուն պատմամշակութային յուշարձաններ արդէն թուայնացուած են՝ վերածուելով մշակութային յիշողութեան պահպանման կենդանի վկայութեան։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը։
TUMO-ի կողմէ ստեղծուած Հայկական մշակութային ժառանգութեան հիմնարկը (Armenian Cultural Heritage Institute) միացած է «ՄԵՆՔ ԿԱՆՔ» կրթամշակութային նախաձեռնութեան եւ անոր ծիրին մէջ պիտի ներկայացնէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան թուայնացման իր կարեւոր ծրագիրը։
Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ, այցելուները կարելիութինը պիտի ունենան առերեւոյթ իրականութեան (virtual reality) միջոցաւ կրկին «ներկայ ըլլալ» Արցախի պատմամշակութային վայրերուն մէջ՝ ժամանակակից արհեստագիտական միջոցներու օգնութեամբ։
Ծրագիրը ոչ միայն կը փաստագրէ պատմական ժառանգութիւնը, այլեւ կը ստեղծէ մշակութային յիշողութեան պահպանման նոր հարթակ մը՝ ապահովելով անոր հասանելիութիւնը եւ փոխանցումը գալիք սերունդներուն։
Այս բոլորը կը վկայեն, որ մշակոյթը կրնայ ապրիլ եւ պահպանուիլ ոչ միայն ֆիզիքական, այլ նաեւ թուային տարածքին մէջ՝ անկախ ժամանակէն եւ տարածութենէն։