Արցախի Նուիրուած` «Արցախ Անաւարտ Պատերազմ», «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 1» Եւ «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 2» Հատորներու Շնորհահանդէս

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 95-ամեակին առիթով, չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորած` Արցախի նուիրուած երեք հատորներու` «Արցախ անաւարտ պատերազմ», հեղինակ` Դաւիթ Ղահրամանեան, «Արցախ վտանգուած ժառանգութիւն 1» եւ «Արցախ վտանգուած ժառանգութիւն 2», հեղինակ` Րաֆֆի Քորթոշեան, շնորհահանդէսը եւ արցախցի նկարիչներու ցուցահանդէսը:

Ցուցադրուած էին գործերը` Յովիկ Գասպարեանի, Հրանդ Մնացականեանի, Սամուէլ Թաւադեանի, Լիանա Քոչարեանի, Գայեանէ Շուշեցիի, Գէորգ Սարգսեանի, Արմէն Մնացականեանի, Արմէն Ղուկասեանի, Ռոպերթ Ասգարեանի եւ Սերգէյ Արստամեանի:

Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց հրատարակչատան անձնակազմէն Իզապէլ Տիարպի:

Առաջին խօսք առնողը եղաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ իր փորձառութենէն մեկնած` անդրադարձաւ Արցախէն բռնի տեղահանութեան դաժան պատկերին: Ապա նշեց, որ սոյն շնորհահանդէսը եւ արցախցի գեղանկարիչներու ցուցահանդէսը կը կատարուի յատկապէս այս օրերուն, երբ արցախեան մեր մշակոյթն ու պատմութիւնը խեղաթիւրելու ազերիական նկրտումները եւ պետական բարձր կազմակերպուածութեամբ իրագործուող յարձակումները նոր թափ ստացած են: Անդրադառնալով հատորներուն` ան ըսաւ, որ «Արցախ անաւարտ պատերազմ» հատորը 44-օրեայ հերոսական պատերազմի թոհուբոհը, Արցախի ահաւոր շրջափակումը պատկերող լուսանկարչական պատումն է` արցախցի արհեստավարժ լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեակի ոսպնեակէն դիտուած: «Արցախ վտանգուած ժառանգութիւն» պատկերագիրքի առաջին հատորը Համազգայինի 2023-ի հրատարակութիւնն է` համագործակցութեամբ վաղամեռիկ Սամուէլ Կարապետեանի հիմնադրած «Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամ»-ին, հեղինակութեամբ Րաֆֆի Քորթոշեանի, իսկ 2025-ին, երբ արդէն Արցախը հայաթափ եղած էր, հրամայական նկատուեցաւ հրատարակել «Արցախ վտանգուած ժառանգութիւն» երկրորդ հատորը, ուր տեղ գտան մինչ այդ հայոց վերահսկողութեան տակ գտնուող մշակութային հոյակերտ ժառանգութեան նմուշներ, նաեւ` նորակառոյց բազմաթիւ եկեղեցիներ ու յուշարձաններ:

Զաքար Քէշիշեան հաստատեց, որ իր տեսակին մէջ եզակի այս երկհատորեակը պատկերազարդ ու մասնագիտական ցուցակագրումն է այս հարստութիւններուն, որոնց գոյութիւնը վտանգուած է ներկայիս, աւելցնելով, որ հատորներու հրատարակութենէն ետք արդէն իսկ կազմաքանդուած են մեծաթիւ կոթողներ, կառոյցներ, իսկ ոմանք ենթակայ են խեղաթիւրման:

Ան տեղեկացուց, որ շուտով լոյս կը տեսնէ նաեւ չորրորդ պատկերագիրքը` «Բիձրանանք Շուշի» (Բարձրանանք Շուշի), շուշեցի արհեստավարժ լուսանկարիչ եւ բեմադրիչ Վլատիմիր Գէորգեանի լուսանկարներով:

Իր խօսքը եզրափակելով` Զաքար Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով իրենց ներդրումը ունեցան նման կարեւոր հրատարակութիւններու լոյս ընծայման, որովհետեւ հատորները խորքին մէջ վաւերագրումներ են: (ստորեւ՝խօսքին ամբողջութիւնը):

Խօսք առաւ եւ հատորներուն արժէքին մասին խօսեցաւ նաեւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, որ նշեց, թէ մինչ դարաշրջանի մը մէջ, երբ պատմութիւնը կրնայ ջնջուիլ, եկեղեցի մը կրնայ ակնթարթի մէջ քանդուիլ, եւ ուրացուիլ անոր գոյութիւնը, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը կրնայ տեղահան ըլլալ եւ աշխարհին ըսուիլ, թէ անոնք հոն երբեք չեն ապրած, տպագիր գիրքը կու գայ անոնց մասին կենդանի վկայ դառնալու եւ կը մնայ որպէս զօրեղ ապացոյց Արցախի գոյութեան:

Սրբազանը հաստատեց, որ սոյն նկարչութիւններն ու հրատարակուած գիրքերը շատ աւելին են, քան` լոկ թուղթ ու մելան, անոնք այն հողին ձայնն են, զոր աշխարհն այսօր կը փորձէ լռեցնել: Ան նշեց, որ այս հատորները կը վկայեն երեք անհերքելի ճշմարտութիւններու մասին` մեր դարաւոր պատմութեան, թէ Արցախի բնիկ ժողովուրդը հայն է, մեր մշակոյթի եւ դարաւոր կրօնական ժառանգութեան եւ մեր արդար Դատին մասին:

Մակար արք. Աշգարեան շեշտեց, որ այս տպագիր գիրքերը մեր մշակոյթի ապահովագրութիւնն են մշակութային ցեղասպանութեան դէմ, աւելցնելով, որ անոնք կը փաստեն Արցախի ժողովուրդի ազատ կամքը: Ան ըսաւ, որ մեր արդար Դատը կ՛անտեսուի եւ աշխուժ կերպով կը կեղծուի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ, որոնք այս նպատակով միլիառներ կը ծախսեն, կեղծ գիրքեր կը տպեն, պատմութիւնը վերստին կը գրեն: «Անոնց իւրաքանչիւր տպած կեղծ գիրքի դիմաց մենք պէտք է ներկայացնենք տասը իրական գիրք, անոնց Արցախի մասին ըսած իւրաքանչիւր սուտի դիմաց մենք պէտք է ցոյց տանք էջ մը, որ տպուած է աւելի քան հարիւր տարի առաջ, երբ անոնք որպէս պետութիւն տակաւին գոյութիւն չունէին», ըսաւ սրբազան հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը` հաստատեց, որ Արցախը կորսուած չէ, այլ կ՛ապրի, քանի դեռ անոր վկան կ՛ապրի, եւ քանի դեռ այս գիրքերը եւ ասոնց նմանները կան ու կ՛ապրին մեր դարակներուն վրայ, գրադարաններուն եւ մեր ձեռքերուն մէջ: (ստորեւ՝խօսքին ամբողջութիւնը):

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչ Կասիա Լեւոնեան եւ սրինգի վրայ ուսանող Նաթալի Առաքելեան` երաժշտական կատարումով:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հատորներու եւ նկարներու վաճառք: