Արցախի Նախկին Ղեկավարները Ատրպէյճանի Մէջ Շուտով Պիտի Կանգնին Դատարանին Դիմաց

պօրինաբար Պաքուի մէջ պահուող Արցախի նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեան, Բակօ Սահակեան, Արկադի Ղուկասեան, պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեան եւ միւս 4 բարձրաստիճան պաշտօնատարները Ատրպէյճանի մէջ շուտով պիտի կանգնին դատարանին առջեւ: Այս մասին ռուսական News.ru լրատուամիջոցին փոխանցեց Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Քամրան Ալիեւ, սակայն, ան դատաքննութեան մեկնարկին վերաբերեալ յստակ ժամկէտներ չնշեց:

«Քրէական գործի նիւթերուն կը ծանօթանան թէ՛ մեղադրեալները եւ թէ տուժողները: Դուք գիտէք, որ քրէական այս գործով տուժողները շատ են: Այս բոլոր քննչական միջոցառումները իրականացնելէ ետք, գործը պիտի ուղարկուի դատարան», ըսաւ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազը:

Արցախի նախկին ղեկավարներուն Ատրպէյճան ահաբեկչութեան ծանր յօդուածներով մեղադրանքներ առաջադրեց նախորդ տարի՝ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումէն եւ անոնց ձերբակալութենէն օրեր ետք:

Մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներով յայտնի երկրին գլխաւոր դատախազը պնդեց, որ Արցախի նախկին պաշտօնատարներուն գործը դատարանը պիտի քննէ՝ «միջազգային չափանիշներուն եւ Ատրպէյճանի քրէական օրէնսդրութեան համապատասխան»:

Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ կան 23 հայեր, որոնցմէ 8 Արցախի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներն են:

5 Սեպտեմբերի կառավարութեան նիստէն ետք, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեան, անդրադառնալով այս լուրին, ըսաւ, որ Ատրպէյճանի մէջ բնիկ հայերուն նկատմամբ չեն կրնար անկողմնակալ եւ անկախ մարմիններու կողմէ դատավարութիւններ կատարել, ինչ որ Մանասեան խորհրդապահական կարգով ներկայացուցած է միջազգային գործընկերներուն:

Ան շեշտեց, որ գերիներուն վերաբերող հարցը Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հանգամանքներուն մէջ չէ ներառուած, եւ իրենք հարցին կ՛անդրադառնան մարդու իրաւունքներու ընդհանուր սկզբունքները եւ արժէքները նկատի ունենալով:

«Նաեւ մի շարք այլ հարցեր, որոնք վերաբերելի են անմեղութեան կանխավարկածին, որոնք մենք էինք բացայայտել եւ կիսել միջազգային տարբեր գործընկերների հետ, այս ամէնը հիմք է տալիս եզրակացնելու, որ անկախ ամէն ինչից այս գործընթացն իրաւունքի սկզբունքներին չեն համապատասխանում», ըսաւ Մանասեան՝ աւելցնելով. «Բոլորս ենք հասկանում, որ սրանք միայն իրաւական հարթութիւնում լուծման ենթակայ հարցեր չեն»:

Comments are closed.