Արցախի Նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպած է ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Ֆրանսայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Փարիզի մէջ հանդիպած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ֆրանսայի Կենտրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպմանը, որուն կը մասնակցէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեանը և Յովսէփ Տէր Գէորգեանը, քննարկուած են Արցախի ներքին և արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-Սփիւռք համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:

Արցախի հանրապետութեան նախագահը դրական համարած է նման հանդիպումները` արժևորելով Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներդրումը Արցախի զարգացման և զօրացման ու համազգային խնդիրներու լուծման առնչութեամբ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.